image

Լաթաքիան կը վերակենդանանայ (Տեսանիւթ)

Լաթաքիան կը վերակենդանանայ (Տեսանիւթ)

Սուրիոյ պատերազմի հետեւանքով ռազմական գործողութիւններու ենթարկուած Լաթաքիոյ արուարձանն արդէն սկսած է վերագտնել իր երբեմնի կենսունակութիւնը:

«Ալ Տիար» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Լաթաքիոյ գիւղերու բնակիչները անցնող տարիներու ընթացքին դժուարութեամբ կարողացան յաղթահարել մահը, հակառակ զինեալներու կողմէ մեծ թիւով ընտանիքներ սպանդի ենթարկուելուն, կիներու եւ երեխաներու արտահանման, բնակարաններու եւ ցանքի հրդեհման:

Այսօր այլ է վիճակը Լաթաքիոյ գիւղեր վերադարձող բնակիչներուն, որոնք յոյսով ներշնչուած սկսած են վերանորոգել իրենց քանդուած ու հրկիզուած բնակարանները, ինչպէս նաեւ վերստին լծուած են վար ու ցանքի աշխատանքներուն:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, Սուրիոյ կառավարութիւնն ու մարդասիրական կազմակերպութիւնները մեծապէս կ'օժանդակեն քաղաքացիներուն, առաջնային անհրաժեշտութեան օգնութիւններ տրամադրելով անոնց: