image

«Զաւկի կորուստը ահաւոր է... ցաւ մը, որ դարման չունի...». Նազելի Աշնաքալեան- Սապա (Լուսանկար)

«Զաւկի կորուստը ահաւոր է... ցաւ մը, որ  դարման չունի...». Նազելի Աշնաքալեան- Սապա (Լուսանկար)

«Արեւելք»  կը շարունակէ իր հարցազրոյցները  Սուրիոյ դառնաղէտ  պատերազմին զոհ գացած հայ զինուորներու պարագաներուն ու յատկապէս որդեկորոյս դարձած մայրերուն հետ: Այսօրուան մեր  հարցազրոյցը կատարած ենք Նազելի Աշնաքալեան-Սապային հետ, որուն որդին՝ Յակոբը զոհուած էր Տէր Զօրի մէջ, 31 Յունուար 2015-ին:

 

-Ե՞րբ նահատակուեցաւ Յակոբը, քանի՞ տարի զինուորական ծառայութիւն մատուցելէ ետք:


-Յակոբը նահատակուեցաւ 31 յունուար, 2015-ին, Տէր Զօրի մէջ,   իր ծառայութեան երկու տարի եւ վեց ամիս եղած էր:


- Ո՞ւր զինուորագրուեցաւ:


-Դամասկոս էր, սակայն աւելի ուշ զանազան տեղեր փոխադրուեցաւ՝ Տարայա եւ շրջակայ գիւղերը, իսկ վերջին եօթը ամիսներուն Տէր Զօր կը գտնուէր եւ ինչպէս ըսի՝ հոն ալ նահատակուեցաւ՝ դիպուկահարի մը հարուածով:


- Ծառայութեան ընթացքին լուրեր կը ստանայի՞ք Յակոբէն, ի՞նչ կը պատմէր ձեզի:


-Այո, միշտ կապի մէջ էինք: Ինծի միշտ կ'ըսէր լաւ եւ հանգիստ է՝ մտահոգուելու կարիք չկայ, սակայն վերջը  փոքր  տղայէս  իմացայ, թէ շատ հարուածներ ստացած է,  շատ  օրեր    անօթի  մնացած է, շատ դժուար ու վատ պայմաններու մէջ ապրած է, մանաւանդ Տէր Զօրի մէջ: Բայց երբեք այս բոլորը ինծի չէր պատմեր, որպէսզի չնեղուիմ, չմտահոգուիմ:


- Ինչպէ՞ս ստացաք նահատակութեան գոյժը:


-Իր  վերադաս  սպան   հեռաձայնեց եւ ըսաւ, թէ Յակոբ նահատակուած էր... ես տունը չէի, հօրը հետ խօսած էր:

Նախքան մահանալը արդէն մօտաւորապէս տասնհինգ օր լուր չէինք կրնար ստանալ իրմէ, որովհետեւ գիծերը շատ տկար էին: Եւ անոր մահուընէ վեց օր ետք է, որ ստացանք դիակը...:


- Քանի՞ զաւակ ունիք:


-Յակոբը, Ժանը եւ տասը տարեկան աղջիկ  զաւակ  մը ՝ Աննա Մարիան:


-Ձեր տղուն մահէն ետք որոշեցիք Երեւան տեղափոխուիլ. Ինչո՞ւ այդ որոշումը առիք:


-Մենք բաւական վերջ՝ մօտաւորապէս երկու տարի ետք, այդ որոշումը առինք:

Մեծ տղուս աշխատած շրրջանն ալ շատ վտագաւոր էր այդ օրերուն եւ  ամուսիններով մեր զաւակները փրկելու համար այս որոշումը առինք:


-Երեւանի մէջ ինչպէ՞ս էր կենցաղը. ի՞նչ դժուարութիւններու հանդիպեցաք:


-Երեւանի մէջ ալ ուրիշ դժուարութիւններ ունէինք կենցաղային առումով՝ շատ ցուրտ էր ու ապրուստը սուղ էր մեզի համար, եւ որովհետեւ աշխատանք չգտանք՝ ստիպուած  եղանք  ետ  Հալէպ վերադառնալ:


- Երեւանի մէջ բնաւ չօգնեցի՞ն ձեզի:


-Շատեր եկան, բայց ... Շատեր եկան,  նկարահանումներ կատարեցին ու խոստումներ տուին, որպէսզի օգնեն, սակայն անոնք մնացին միայն խօսք...


- Եթէ Երեւանի մէջ աշխատանք ապահովուէր ձեզի, կը մնայի՞ք:


-Անշուշտ կը մնայինք: Մենք Երեւան փոխադրուեցանք այն մտադրութեամբ, որ աշխատանք  կը գտնենք եւ մեր կեանքը հոն կը շարունակենք: Երեւան մենք ապահով էինք, հանգիստ էինք, մահուան վախը չունէինք...


- Իսկ ներկայիս Հալէպի վիճակը ի՞նչ է:

 

-Կրնամ ըսել, որ  հիմա ամէն ինչ շատ լաւ է: Ապահովութիւնը վերականգնուեցաւ, աշխատանքի առումով արդէն շատ լաւ է՝ բոլորս ալ կ'աշխատինք: 


- Վճռած էք  ալ  Հալէպ մնա՞լ:

 

-Այո, մենք հոս մեր անձնական տունը ունինք՝ ինչո՞ւ վարձք տանք, աշխատանք ունինք եւ ամէն ինչով ապահուած է մեր ապրուստը: Եթէ պատերազմի այդ վատ օրերուն հետ բաղդատելու ըլլանք՝ հիմա շատ լաւ է արդէն: Հալէպը մեզի հարազատ է, մենք հոս ծնած եւ մեծցած ենք, մենք զմեզ այստեղ հանգիստ կը զգանք: Այո, Հայաստանը մեր հայրենիքն է, հոն ալ ամէն ինչ շատ լաւ էր, մենք հանգիստ եւ ապահով էինք, սակայն աշխատանքի դժուարութեան հետեւաքով ստիպուեցանք վերադառնալ:

 

-Իսկ տակաւին Հալէպէն հեռացողներ կամ Հալէպ վերադարձողներ կ'ըլլա՞ն:


-Այո, եկողներ կ'ըլլան, բայց գացող չկայ: Հայաստանէն շատ վերադարձողներ եղան, որովհետեւ հոն աշխատանք չկրցան ապահովել:


-Կը խօսուի, թէ հայութեան թիւը նուազած է, հայկական շրջանները իսլամներով  լեցուած են. այս հարցին շուրջ ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնաք փոխանցել մեր ընթերցողին:


-Այո իսլամներ կան, սակայն մեր շրջանները չեն,  անոնք մեզմէ հեռու շրջաններու մէջ կ'ապրին: Մեր շրջանները  կը շարունակեն մնալ   հայաբնակ    շրջաններ:


-Կը կարծէ՞ք, որ Հալէպը իր նախկին   փայլուն վիճակին  կը վերադառնայ:


-Այո, միշտ յոյսով ենք եւ երբեք յոյսերնիս չենք կտրած:


- Դուք վիրաւոր մայր մըն էք. այս  առումով ալ   ի՞նչ կ'ուզէք     ըսել այսքան դժուար օրեր ապրելէ ետք:

 

-Ինչպէ՞ս կրնայ զգալ իմ  նման    մայր մը: Երիտասարդ տղաս հողին յանձնեցի, ինչպէ՞ս պէտք է զգամ: Մինչեւ հիմա  ալ  չեմ    հաւատար  եղածին:  31  յունուարին     Յակոբիս   զոհուելուն  երեք տարի պիտի ըլլայ, սակայն  մինչեւ  օրս   ուզեր հաւատալ...

Պատերազմի օրերուն շատ նեղութիւններ  ապրեցանք՝ ամուսինս աշխատանքէ դադրեցաւ՝ ոչինչ, շատ վատ օրեր ապրեցանք՝ ոչինչ, բոլորը անցան... սակայն տղուս մահը, անոր կորուստը՝ անբուժելի սպի մը  թողեց իմ սրտիս, իմ հոգիիս մէջ ու այդ    դէպքէն ետք  ալ  ոչ  մէկ բան  առաջուայ պէս չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ ես կորսնցուցի իմ զաւակս.... անոնց երբեք պիտի չներեմ... ամէն վայրկեան իմ ցաւս կը նորոգուի, իմ սրտիս կսկիծը երբեք չի մարիր...:


- Որպէս զոհուած    զինուորի   ծնողներ,      պետութիւնը  կ'օգնէ՞ ձեզի:


-Այո, շատ կազմակերպութիւններէ օգնութիւններ կը ստանանք: Ինչպէս նաեւ ամէն ամիս ես եւ ամուսինս որոշ գումար մը կը ստանանք պետութենէն, որպէս նահատակի ծնողներ:


- Նահատակը ո՞ւր թաղուած է:


-Քարմէլիթ թաղուեացաւ, սակայն մօտ օրերուն պիտի փոխադրուի մեր Ազգային գերեզմանատուն:


-Մեր հարցազրույցի աւարտին՝ ի՞նչ կ'ուզէք ըսել մեր ընթերցողներուն:


-Խօսելիք, ըսելիք շատ բաներ ունիմ, սակայն չեմ կրնար արտայայտուիլ... Ամէն բանի տեղը կու գայ, կեանքի մէջ կորուստներ կ'ունենանք՝ մեր հարազատները կը կորսնցնենք, սակայն ժամանակի ընթացքին, կամաց-կամաց այդ ցաւը կը նուազի,  զաւկի կորուստը ահաւոր է... ահաւոր ցաւ մըն է, որ դարման չունի...


 

 

Յակոբ Աշնաքալեան

 

 Հարցազրոյցը ՝ «Արեւելք»ի