image

Դամասկոս եւ Անգարա ընդդէմ քիւրտերո՞ւն

Դամասկոս եւ Անգարա ընդդէմ քիւրտերո՞ւն

Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ օրերս գաղտնի բնակցութիւններ կ'իրականացուին, որոնց մէջ Իրան միջնորդի դեր ստանձնած է, նպատակ ունենալով Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն եւ Թուրքիոյ սահմանին ԱՄՆ բանակին կողմէ օժանդակուող քրտական ուժերու ընդլայնումը կասեցնել:

Ըստ փոխանցուած տեղեկութիւններուն, ներկայիս քրտական ու ամերիկեան համատեղ ուժերը սուրիական հողերու 25 տոկոսին կը տիրապետեն, եւ ԱՄՆ ուժերըյայտարարած են, որ պիտի չքաշուին այդ վայրերէն, մինչեւ Սուրիոյ ճգնաժամը քաղաքական լուծում չստանայ, միաժամանակ շեշտելով, որ պիտի շարունակեն օժանդակութիւն տրամադրել տեղի քիւրտերուն:

Իր հերթին Թուրքիա, Սուրիոյ հաւանութեամբ, 15 հազար զինուորներէ բաղկացած զօրք տեղադրած է քիւրտերով բնակեցուած Աֆրին քաղաքի սահմաններուն, նպատակ ունենալով ներխուժել ու քաղաքէն դուրս մղել զանոնք: