image

«Սատանան կը ցանկայ կիսել Երուսաղէմը». Ատրպատականի թեմի առաջնորդը հարցազրոյց տուած է իրանական IRNA գործակալութեան

«Սատանան կը ցանկայ կիսել Երուսաղէմը». Ատրպատականի թեմի առաջնորդը հարցազրոյց տուած է իրանական IRNA գործակալութեան

Իրանահայերը կ'ապրին իրենց հայրենակիցներուն հետ հաւասար պայմաններու մէջ՝ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դրօշի ներքոյ: Այս մասին յայտարարած է Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Չիֆթչեանը, կը յայտնէ IRNA գործակալութիւնը:


«Մենք պէտք է ունենանք երկրի առաջընթացին համապատասխան անհրաժեշտ փոխգործակցութիւն եւ համագործակցութիւն»,- ըսաած է ան, ելոյթ ունենալով Իրանի հիւսիս-արեւմուտքի մէջ՝ Թաւրիզի Սուրբ Մարիամ Աստուածածնայ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութեան նուիրուած արարողութեան ժամանակ:


«Մենք բոլորս եղբայրներ ենք իսլամներու հետ, եւ ուրախ ենք տեսնել մեր արարողութիւններուն մասնակցող պաշտօնատար անձանց»,- ըսած է ան:


Դատապարտելով Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու վերաբերեալ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի որոշումը՝ արքեպիսկոպոսը ըսած է. «Յիսուս Քրիստոսը ծնած է Երուսաղէմի մէջ, բայց մեծ սատանան եւ համաշխարհային ամբարտաւանութիւնը կը ցանկան կիսել Երուսաղէմը, մինչդեռ Երուսաղէմը կը պատկանի բոլոր կրօններուն, այլ ոչ մէկ մարդու կամ մարդոց խումբի»:


Գործակալութիւնը կը հիշեցնէ, որ 2017 թուականին ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբը յայտարարած է, որ Ուաշինկթընը Երուսաղէմը ճանչցած է Իսրայէլի մայրաքաղաք:

 

Լուրը՝ Tert.am-էն