image
Հրատապ լուրեր:

Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարուելէ ետք Լիբանանի պաղեստինեան ճամբարները սկսած են զինուի՞լ

Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարուելէ ետք Լիբանանի պաղեստինեան ճամբարները սկսած են զինուի՞լ

ԱՄՆ նախագահ Թրամբի կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարուելու որոշումէն ետք, յառաջիկայ երկու շաբաթներու ընթացքին Իսայէլի վարչապետ Նաթանիահուի կողմէ այլ որոշման մը նախագիծը պիտի ստորագրուի, որ այնուհետեւ պիտի ուղարկուի իսրայէլեան Քնիսէթին, ըստ որուն, ամբողջ Արեւմտեան Ափը Իսրայէլի պիտի միացուի:

Այս առթիւ, ըստ «Ալ Տիար» լրատուական կայքին, Իրաքէն մինչեւ Սուրիա, մինչեւ Պաղեստին ու Լիբանան պայքար յայտարարուած է, ընդդիմանալու համար Արեւմտեան Ափն ու Երուսաղէմը Իսրայէլի յանձնելու որոշումներուն դէմ:

Իր հերթին Հասան Նասրալլահ յայտարարած է, որ հարիւր հազարաւոր անձեր պայքարի դուրս պիտի գան Իսրայէլի դէմ, բան մը, որ առիթ կու տայ մտածելու, թէ կա՛մ Դամասկոսի պաղեստինեան ճամբարներու մէջ բնակող պաղեստինցիներուն զէնք պիտի տրամադրուի, որպէսզի վերջիններս սուրիական Տարաա քաղաքով հասնին մինչեւ Կոլան, կա՛մ իսրայէլեան ռազմակայաններուն դէմ պաղեստինեան աւազակախմբային յարձակումներու տեսքով պայքար պիտի սկսի: