Վաղը 6 յունուարին Լիբանանի պետական բոլոր մարմիններն ու հաստատուլիւններն ու դպրոցները հայկական Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ փակ պիտի պահեն իրենց դռները: Այս մասին որոշում մը հրապարակուած է վարչապետ Սաատ Հարիրիի ղեկավարած կառավարութեան կողմէ:
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի հայկական համայնքը Թաէֆի մէջ ստորագրուած համաձայնութեան ճամբով ամրագրուած է, որպէս երկրի կարեւոր համայնքներէն մին գրաւելով աղիւսակի 7 -րդ դիրքը:
Յատուկ առանձնաշնորհումներ եւ իրաւունքներ վայելող հայութիւնը երկրի 128 անդամներէ բաղկացող խորհրդարանին մէջ ունի վեց աթոռներ, որոնք բաժնուած են հայկական աւանդական երեք կուսակցութիւններուն ու ինչպէս նաեւ գլխաւոր երկու յարանուանութեանց ՝ Առաքելական եւ Կաթողիկէ համայնքներուն միջեւ: