image

Միակ նպատակս է Հայաստանի Ազգային հաւաքականին միանալն է. Ռաֆֆի Քայա

Միակ նպատակս է Հայաստանի Ազգային հաւաքականին միանալն է. Ռաֆֆի Քայա

Զուիցերիոյ ֆութպոլի  աստղերէն  23-ամեայ ֆրանսահայ Ռաֆֆի Քայայի (23 տարեկան)  գլխաւոր նպատակն է միանալ  Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին: «Մեծ յոյս ունիմ, որ օր մը կը ստանամ այդ հրաւէրը եւ կը դառնամ այդ ընտանիքի մէկ մասը»:

Յիշեցնենք, որ Քայա Երեւանի «Արարատ» ֆութպոլի խումբի նախկին խաղացող էր, որ Հայաստանէն հեռանալէն ետք հանդէս եկած է Զուիցերիոյ առաջնութեան մէջ: 2016-2017 թուականներու մրցաշրջանին ան «Սթատ Նիոն» խումբի կազմին մէջ մասնակցած է երկրորդ դասակարգումի, իսկ ընթացիկ մրցաշրջանին պիտի ներկայացնէ Զուիցերիոյ երրորդ լիկայի «Լանսի» խումբը:

«Արարատ»ի հետ հանդէս գալու ժամանակ Ռաֆֆի Քայան մասնակցած էր Հայաստանի ազգային հաւաքականի մարզումային հաւաքին, յետագային ան մասնակցած էր չճանչցուած պետութիւններու աշխարհի առաջնութեան՝ Արեւմտեան Հայաստանի հաւաքականի կազմին հետ:

Զրոյցի ընթացքին Քայա ըսած է. «Երբ «Արարատ»ի հետ խաղալու ժամանակ ազգային հաւաքականէն հրաւէր ստացայ, այդ մէկը իմ երազանքի իրականացումը եղաւ», եւ յայտնած Հայաստանի ազգային հաւաքականէն դարձեալ հրաւէր ստանալու մեծ ցանկութեան մասին:


 Լուրը ՝ «Նիուզ.ամ»էն