Բազմաբնոյթ թեմաներու կողքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառը երէկ «Օ.Թի. Վի.» կայանին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտը դրած է երիտասարդութեան վրայ:
Ան մասնաւորապէս ըսած է «Հայ երիտասարդութիւն դուք մեր ազգին, մեր եկեղեցիին եւ դպրոցին կը պատկանիք: Հոն է ձեր տունը ու հոն է նաեւ, որ որ դուք որպէս երիտասարդներ ձեր ինքնութիւնը պիտի կերտէք»:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Վեհափառ շեշտած է, որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դռները բաց են հայ երիտասարդութեան առջեւ: «Մենք պատրաստ ենք երիտասարդութեան հետ երկխօսութիւն ունենալու եւ մեր բոլոր մարմինները լայն բացած են իրենց դռները հայ երիտասարդներուն առջեւ»: