image
Հրատապ լուրեր:

Բագրատ Էսթուքեան. Էրտողան քաղաքական կարեւոր միաւորներ չշահեցաւ Մոսկուայի մէջ

Բագրատ Էսթուքեան. Էրտողան  քաղաքական  կարեւոր միաւորներ   չշահեցաւ Մոսկուայի մէջ

«Խորհրդարանական ընտրութեան կրկնութիւնը անօրինակ երեւոթ է հանրապետութեան պատմութեան մէջ»,-  «Արեւելք»ին  ըսաւ  Պոլսոյ «Ակօս»  պարբերականի հայկական էջերու  խմբագիր  Բագրատ Էսթուքեան: Ան, խօսելով   Թուրքիոյ նախագահ   Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի  AKP կուսակցութեան կողմէ ընտրութիւններու վերաբերեալ վերջին նախաձեռնութեան  մասին, յայտնեց.«Նախագահին  անկնկալութիւնը պարզ է, կ'ուզէ որ իր հիմնած կուսակցութիւնը միահեծան կառավարութեան մը  համար  խորհրդարանին մէջ  յարմար  թիւ մը ձեռք բերէ»: Մեր  խօսակիցը նաեւ ըսաւ, թէ վերջին ցոյցերը AKP-ին վարկը կը տկարացնեն, եւ իշխանութիւնը   ամէն կերպ կը փորձէ HDP-ն (Ժողովուրդներու դեմոկրատական  կուսակցութիւն) վարկազրկել  եւ ահաբեկիչի   պիտակ փակցնել: Ըստ  Էսթուքեանի,    եթէ  1 Նոյեմբերին  բնականոն ընտրութիւններ  ըլլան  «Ժողովուրդներու դեմոկրատական  կուսակցութեան» վարկը քանի մը միաւորով պիտի բարձրանայ:  «Անոնք  նախապէս ձայներու 13.5 տոկոսը առած էին, այդ մէկը պիտի բարձրանայ եւ ասոր  փոխարէն իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը, որ  41 տոկոս առած էր, տեղի տալով, պիտի ստանայ  քուէներուն  38 տոկոսը»,-ըսաւ  Էսթուքեան,   մտահոգութիւն յայտնելով, որ    իշխանութիւնները կրնան  ընտրութիւնը խանգարել: Ան ըսաւ, որ  կրնայ արտակարգ պատերազմական վիճակ ստեղծուիլ Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն կատարուելու պարագային, եւ այդ մէկը կրնայ   պատճառ դառնալ ընտրութիւններու յետաձգման:

Թուրքիոյ նախագահին` Մոսկուա կատարած  այցելութեան մասին իր տպաւորութիւնը յայտնելով,  Էսթուքեան  ըսաւ, թէ 13 տարիներ առաջ  երբ Էրտողան իշխանութեան գլուխ եկաւ, իւրացուցած էր իսլամական լիպերալ մօտեցում  մը: Անոր  ծրագրին մէջ լիպերալ տնտեսութեան ծառայել կար եւ ատոր գործօններէն գլխաւորն ալ Եւրամիութեան անդամակցութիւնն էր: «Թուրքիոյ   ժողովուրդը համակարծիք եղաւ այս ծրագիրներուն, սակայն  հիմա այդ ռազմավարութենէն շատ հեռու ինկած ենք»,- յայտնեց    Էսթուքեան, աւելցնելով. «Փութինի հետ եղածներն ալ կը կարծեմ սակարկութիւններ են եւ չեմ կարծեր, որ Էրտողան  քաղաքական  կարեւոր միաւորներ   շահեցաւ Մոսկուայի մէջ»:

Հայկական թաղամասերու   դէմ թուրք  ազգայնամոլ ծայրահեղականներու ցուցաբերած անհանդուրժողութեան մասին  խօսելով`   «Ակօս»ի խմբագիրը ըսաւ. «Պոլսահայերը որոշ փորձառութիւն ունին եւ  գիտեն,  որ նման պարագաներուն անպայման իրենց վնաս կը հասնի: Քանի մը տարի առաջ օրակարգի եկան հայերու հանդէպ բարձրաստիճան զինուորականներու կողմէ մշակուած բարդ ծրագիրներ, օրինակ Հայոց Պատրիարքի դէմ մահափորձ եւ  այս ծրագիրները ծածկուեցան: Հրանդ Տինքի նահատակութենէն ետք Էրկէնիքոնի հետ առնչութիւն ունեցող ծալքեր յայտնագործուեցան, խօսուեցաւ նաեւ հայ դպրոցական պատանիներու հանդէպ ծրագրուած յարձակումներու մասին, ասոնք մեզի համար մտահոգութիւն են, րիսքը միշտ կայ, որովհետեւ այս պետութիւնը «փոքրամասնութիւններու յանձնախումբ» վերնագրին  տակ  ունեցած է անձնակազմ  եւ գրասենեակ, ուր  դաւեր կը  նիւթուին հայերու, յոյներու  եւ այլ փոքրամասնութեանց դէմ»:  Էսթուքեան նաեւ նշեց, որ   հակառակ  անոր որ, համայնքի քաղաքականացուած տարրերը այս բոլորը  գիտեն, սակայն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը պատկերացում չունի եւ ինքզինք կը համոզէ,  թէ նման ժամանակներուն այդպիսի վայրագ բաներ կարելի չէ որ պատահին, իսկ վախը միշտ իրաւացի է»  եզրակացուց Բագրատ Էսթուքեան: