image

«Հիմա կարեւորը բուժուիլս է, անկէ ետք ամէն բան լաւ պիտի ըլլայ». Դամասկոսի մէջ վիրաւորուած հայ զինուոր

«Հիմա կարեւորը բուժուիլս է, անկէ ետք ամէն բան լաւ պիտի ըլլայ». Դամասկոսի մէջ վիրաւորուած հայ զինուոր

Շաբաթ մը առաջ «Արեւելք» տեղեկութիւն  փոխանցեց Դամասկոսի մէջ ընթացող թէժ մարտերուն ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուած հայ զինուոր Արարատ Մահտեսեանին  մասին:

Դէպքէն քանի մը օր ետք մեզի յաջողուեցաւ կապ հասատել Արարատին  հետ ու  կատարել  կարճ  հարցազրոյց մը:

Քեսապի ծնունդ  Արարատ շատ սեղմ տողերու մէջ ներկայացուց ընդհանուր իրավիճակը, պատերազմական գետինը, իր հետ պատահածը եւ այսօր բուժուելու  կարեւորութիւնը:  Զրոյցի  ամբողջ ընթացքին կարմիր թելի մը պէս երեւելի կը դառնայ Արարատի քաջ ոգին եւ ապրելու եւ դժուարին պայմաններուն յաղթելու հայ  զինուորի  կամքը:

 

 

- Ո՞ր շրջանի մէջ պատահեցաւ դէպքը եւ ինչպէ՞ս:

 

-Մեր  դիրքերը  կը գտնուին  Այն    Թարմայի մէջ,  «Հայ   ժոպարի»ի  մօտ, որ Դամասկոսի «Պապ թումա» (մեծաւ մասամբ՝   քրիստոնէաբնակ) շրջանէն քսան վայրկեան հեռաւորութեան վրայ է: Այս շրջանը բաւական վտանգաւոր է եւ վերջին մէկ-երկու ամսուան ընթացքին բանակը բաւական զոհեր տուաւ, ամբողջ շէնքեր փուլ եկան եւ շատ վնասներ կրեցինք:

Մեր  գունդը  ընդհանրապէս յարձակողական դիրք կը բռնէր, սակայն այդ օր երեկոյեան ժամերուն պահակութիւն կ'ընէի, թշնամին իր գտնուած կէտէն քանի մը անգամ հարուածեց: Հաւանաբար դիպուկահար էր, ու շատ լաւ կը տեսնէր դիրքս: Ես անմիջապէս դէպի վար իջայ, որ մարմինէս կամ գլուխէս հարուած չստանամ եւ պահպանողական դիրք ստանալու պահուն ոտքէս  ստացայ հարուածը:

- Դիրքին մէջ դուն առանձի՞ն էիր:


-Այո: Մենք թշնամիին չորս կողմը պաշարած էինք աջ, ձախ եւ դիմաց: Ես դիմացի դիրքին վրայ կը գտնուէի:


- Հարուածը ստանալէդ ետք որքա՞ն ժամանակ մնացիր այդպէս:


-Երբ հարուածը ստացայ, ընկերներէս օգնութիւն ուզեցի, որպէսզի կարենամ քաշուիլ գտնուած դիրքէս: Սակայն, որովհետեւ հարուածները անընդհատ ուղղած էին դէպի դիրքս՝ մէկը չկրցաւ օգնութիւն ցուցաբերել եւ այդպէս ես մնացի մօտաւորապէս կէս ժամ: Մօտ 100-125 մեթր հեռաւորութեան վրայ նրբանցք մը կար, ես փորձեցի սողալով հոն հասնիլ այդ միջոցին, որովետեւ սրտիս տրոփումը արագ էր, բաւական արիւն կորսնցուցի: Հազիւ կրցայ հասնիլ այդ նրբանցքը, ուր իմ ընկերներներս կը սպասէին զիս ու անմիջապէս հիւանդանոց տեղափոխուեցայ:


-Իսկ այդ դիրքերուն վրայ ուրիշ զոհեր աձանագրուեցա՞ն այդ օրերուն:


-Յաջորդ օր ուրիշ մը կուրծքէն հարուած ստացաւ, իսկ այդ դէպքէն երեք օր առաջ ուրիշ մը գլուխէն  վիրաւորուեցաւ եւ տեղւոյն վրայ մահացաւ ու բազմաթիւ այսպիսի դէպքեր...

Դիպուկահարը ասկէ առաջ ալ փորձած էր կրակել նոյն դիրքին վրայ, բայց չէր յաջողած, որովհետեւ ես յարձակողական դիրք բռնած էի, սակայն այս անգամ, պահակութեան ժամանակ շարժելու առիթ չունէի եւ չէի գիտեր, թէ ինք ճիշդ ուր է: Երբ հարուածի ցաւէն սկսայ պոռալ, ինքն ալ սկսաւ ուրախութենէն «Ալլահ ու Աքպար» կանչել:


- Ասոնք ի՞նչ խումբեր են, եւ ըստ քեզի, ինչո՞ւ սուրիական բանակը չի կրնար ներխուժել այդ շրջանները:


-«Ֆայլագ Ալ Ռահման» կը կոչուին եւ բաւական լաւ մարզուած ու արհեստավարժ կռուողներ են:

Մենք թափանցած ենք թշնամիին դիրքերը, այսինքն իմ գտնուած կէտս անոնցմէ 70 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի, սակայն  մեզի համար անյայտ պատճառներով յառաջխաղացք չի կատարուիր եւ այդ մէկը կ'ըլլայ ի գին զինուորներու արեան...

 

-Իսկ չե՞ս կարծեր որ այդ շրջանները կ'ազատագրէ բանակը, որովհետեւ ամէն տեղ արդէն սուրիական բանակի տիրապետութեան տակ է:

 

-Եթէ անընդհատ յարձակում գործէ եւ հարուածէ, կը յաջողի, բայց երբ մէկ անգամ հարուածէ ու ետ քաշուի այդ մէկը անհնար կ'ըլլայ:


- Հետդ հայ կամ քրիստոնեայ այլ զինուորներ կայի՞ն:

 

-Այո, Լաթաքիայէն հայ մը կար՝ Սարգիս Արըճեան, Հալէպէն՝ արաբ քրիստոնեայ մը՝ Ռամի անունով, որ մօտաւորապէս եօթը ամիս պատերազմած էր թէժ գիծերու վրայ եւ որովհետեւ ընտանիքը շատ դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուէր ազատ արձակուած էր ծառայութենէն: Ուրիշ քրիստոնեայ մըն ալ  կար նաեւ Հոմսի կողմերէն՝ Սատատ   (Հոմսի  Քարեաթայն  աւանին մօտ գիւղ մը) շրջանէն, Իսկ Դամասկոսէն՝ Տանիէլ անունով զինուոր մը:


- Քանի՞ օր մնացիր հիւանդանոցը:

 

-Մնացի չորս-հինգ օր: Անկէ վերջ ըսին, թէ հանգստեան արձակուրդ ունիմ, եւ այդպիսով բուժումս կիսատ մնաց: Հետեւաբար իմ անձնական միջոցներով բուժումը պիտի  շարունակեմ, որովհետեւ վէրքը բաւական խոր է:


-Ոտքիդ ո՞ր մասէն հարուածը ստացար:

 

-Կրունկիս բաժինը՝ կապարը պայթեցաւ մէջը եւ անոր հետեւանքով լուրջ վնասուածք ստացայ:


- Իսկ  վիրաբուժական գործողութեան կարիք կա՞յ:

 

-Նախ պէտք է վէրքը բուժուի եւ ըստ այնմ յայտնի կ'ըլլայ, թէ գործողութեան կարիք կա՞յ, թէ՞ ոչ: Հաւանաբար գործողութիւն պէտք է, որովհետեւ ոսկորը փշրուած է:


- Հոգեբանական ինչպիսի՞ վիճակի մէջ ես:

 

-Ինչպէս ըսի՝ հիւանդանոց փոխադրուելէս ետք որոշ  բուժումներ ստացայ ու անկէ ետք որոշուեցաւ ծննդավայրս՝ Քեսապ գալ: Դժուար  պահեր եղաւ, բայց գիւղ  գալէս  եւ հարազատներուս  խնամքին արժանանալէ ետք աւելի լաւ կը զգամ ես զիս: Հիմա կը ծրագրենք Լաթաքիա երթալ եւ հոն շարունակել իմ բուժումս: Ամբողջ գիւղը, գիւղի պատասխանատուները, դրացիներս եւ ծանօթներս կողքս են ու իրենց ցոյց տուած ազնիւ վերաբերմունքը բոլոր դժուար պահերը մոռցուց...  Հիմա կարեւորը բուժուիլս է ու անկէ ետք ամէն  բան լաւ պիտի ըլլայ: