image

Երուսաղէմի համար ամէն ինչ պիտի ընենք. Լիբանանցի երեսփոխանի լացը ուղիղ եթերի ժամանակ (Տեսանիւթ)

Երուսաղէմի համար ամէն ինչ  պիտի ընենք. Լիբանանցի երեսփոխանի լացը ուղիղ եթերի ժամանակ (Տեսանիւթ)

Լիբանանի Ուղղափառ համախմբման գլխաւոր քարտուղար, նախկին պատգամաւոր Մարուան Ապու Ֆատէլ «Ալ Մանար» հեռուստակայանի ուղիղ եթերով սփռուող «Մաա Ալ Հատաս» հաղորդման տուած հարցազրոյցի ժամանակ խորապէս ազդուած է Երուսաղէմի խնդիրներով:

Ապու Ֆատէլ հաղորդման ընթացքին լալով ողբացած է Երուսաղէմի կուրուստը, մանաւանդ ի տես Երուսաղէմի քրիստոնեական եկեղեցիներէն սկիզբ առած բողոքի ցոյցերուն: