image

Պէտք չէ շատ ուրախանալ Հարիրիի Փարիզ գալէն. «Le Monde»

Պէտք չէ շատ ուրախանալ Հարիրիի Փարիզ գալէն. «Le Monde»

Ֆրանսական «Le Monde»ը բացառած է Լիբանանի քաղաքական ճգնաժամի սկիզբը Հարիրիի հրաժարականին հետ կապուած ըլլալու հանգամանքը:

Թերթին համոզմամբ, եթէ Հարիրի պնդէ հրաժարական ներկայացնելու իր ցանկութիւնը, առանց իր ակնկալած երաշխիքներն ստանալու, Ֆրանսայի միջամտութեան շնորհիւ հանգստացած իրավիճակը կրկին պիտի սրի:

Թերթը նշած է նաեւ, որ Ֆրանսա խոստովանած է, թէ Լիբանանը տարածաշրջանի ճգնաժամերէն պաշտպանելու ցանկութիւն ունենալու պարագային պէտք է փորձել լուծել զանոնք, մանաւանդ Սուրիոյ եւ Եէմէնի մէջ, ինչպէս նաեւ Իրանի ու Սէուտական Արաբիոյ միջեւ բռնկածները:

Միւս կողմէ թերթը անդրադարձած է նաեւ Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին գործոց նախարարի ելոյթին, ուր «Հըզպալլա»ն «առաջին կարգի ահաբեկչական կազմակերպութիւն» կոչած էր, որ կը խաթարէ տարածաշրջանի եւ Լիբանանի անվտանգութիւնը: Իր հերթին Ռիատ այցելած Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարը Ֆրանսայի մտահոգութիւնը յայտնած էր Միջին Արեւելքի մէջ իրանեան իշխանութեան ուժեղացումէն:

«Le Monde»ի համոզմամբ, Լորտիանի այս յայտարարութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Թեհրան կատարելիք իր այցը յետաձգուի: Թերթին հաղորդմամբ, Լորտիանի այցին պիտի յաջորդէր Մաքրոնի այցը, որ նպատակ ունէր միջնորդել Թրամբի պատճառով ծագած իրանեան Միջուկային խնդիրի լուծման:

Ամփոփելով դէպքերը, թերթը յատնած է, որ իրանեան իշխանութեան ուժեղացման եւ Իրանի բալիստիկ ծրագիրի շուրջ մտահոգութիւն յայտնող Մաքրոն նպատակ ունի իր աւարտին հասցնել Միջուկային համաձայնագիրը, որ սկիզբ առած էր 2015 թուականին, միաժամանակ քաջ գիտակցելով, որ որեւէ այլ հարցի շուրջ բանակցութիւններ վարել չի ցանկար, եւ այն կրնայ պատճառ դառնալ, որ վերջինս առաւել խիստ կեցուածք որդեգրէ: