Հրթիռներ ինկած են Դամասկոսի վրայ: Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցեց «Արեւելք»ի Դամասկոսի աղբիւրը:
Ըստ նախնական տուեալներու երէկ տեղի ունեցած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուած են 8 անձեր, մինչ վիրաւորներուն թիւը հասած է 15-ի:
Կը նշուի, որ հրթիռներ ինկած են մասնաւորապէս Խալէտ Ըպն Ուաիտ, Առնուս, Պապ Թումա եւ Ժարամանա շրջաններուն վրայ:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ ահաբեկչական խմբաւորումներ թիրախ ընտրծ են մայրաքաղաքի «Ֆայհա» մարզական աւանը, ուր զոհուած են Ժուտոյի մարզիկներ ՝ Տիա Ալ տին Պատըր եւ Մոհամէտ Խանճի: Կը հաղորդուի նաեւ, որ նոյն վայրին մէջ ինկած հրթիռներուն հետեւանքով վիրաւորներուն թիւը հասած է 10 -ի, որոնց երկուքը կը գտնուին ծանր վիճակի մը մէջ: Յիշեցնենք, որ վերջին շրջանին Դամասկոսը հետեւողական կերպով թիրախ կը դառնայ մայրաքաղաքի շուրջ գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումներու արձակած մասնաւորապէս «հաուն» տիպի հրթիռներու թիրախ: