image

2018 թուականը կործանիչ երկրաշարժներու տարի՞

2018 թուականը կործանիչ երկրաշարժներու տարի՞

Գիտնականները զգուշացուցած են, որ 2018 թուականը աշխարհի տարբեր երկիրներու համար կրնայ կործանիչ երկրաշարժներու տարի մը ըլլալ, նկատի ունենալով երկրի պտոյտի արագութեան տատանումները, կը գրէ բրիտանականը «The Guardian» թերթը:

Գիտնականները կը պնդեն, թէ հակառակ անոր, որ երկրի պտոյտի տատանումները չափազանց աննշան կերպով կ'ազդեն օրուան երկարութեան վրայ, սակայն երկրի ներսէն ահռելի մեծ չափերով ուժանիւթի արտանետման պատճառ կը դառնան:

Գիտնականներու կողմէ իրականացուած ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ անցնող մէկուկէս դարու ընթացքին իւրաքանչուր անգամ, որ երկրի պտոյտի արագութիւնը նուազած է, յաջորդող հինգ տարիներու ընթացքին զգալիօրէն աճած է երկրաշարժներու թիւը:

Անոնք համոզուած են, որ 2018 թուականէն սկսեալ տարեկան մօտ 20 կործանիչ երկրաշարժ տեղի պիտի ունենայ:

Աղբիւրը յայտնած է նաեւ, որ դժուար է կանխագուշակել, թէ որոնք պիտի ըլլան այն շրջանները, ուր առաւելագոյն թիւով ուժեղ երկրաշարժներ տեղի պիտի ունենան, սակայն ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ երկրի արագութեան խախտումներու հետեւանքով երկրաշարժներու ենթարկուած շրջանները առաւելապէս եղած են մօտ մէկ միլիառ բնակչութիւն ունեցող Հասարակաց գիծին մօտիկ շրջանները: