1.5 տարեկան փոքրիկն Կարէն Տըլտլեան իր իր մահականցուն կնքած է Հալէպի մէջ:Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն:
Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ երեխան օրեր առաջ անհանգստացած է եւ ուրբաթ երեկոյեան ծանր վիճակով փոխադրուած է հիւանդանոց:
Ծանրագոյն կռիփի ժահրին դէմ բժիշկներուն գործադրած բոլոր ջանքերը անցած են ապարդիւն, եւ երեխան մահացած է:
Անոր յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգը կատարուած են շաբաթ օր Հալէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք հանգուցեալ փոքրիկին մարմինը ամփոփուած է Հալէպի Ազգային գերեզմանատան մէջ:
Յիշեցնենք, որ Կարէն Տըլտլեան սուրբ մկրտութեան արժանացած էր հոկտեմբերին, եւ «Արեւելք» այդ առթիւ կատարած է կարճ լրատուութիւն մը՝ անոր մկրտութեան մէջ տեսնելով Հալէպի վերակենդանացումը տեսնող խորհուրդ մը:
«Արեւելք» կը կիսէ փոքրիկն Կարէնի հարազատներուն ապրած վիշտը հաւատալով, որ բարձրեալն Աստուած երեխային հոգին կ'ընդունի եւ կը պահէ այն լոյսերու մէջ: