image

«Իսլամական Պետութեան» մանուկները՝ ապագայի «լարուած ռումբեր»

«Իսլամական Պետութեան» մանուկները՝ ապագայի  «լարուած ռումբեր»

 Անցնող երեքշաբթի օր երկու կարեւոր լուրերով յատկանշուեցաւ: Նախ Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերը յայտարարեցին Ռաքքայի ամբողջական ազատագրումը, որուն յաջորդեց Միջազգային դաշնութեան ուժերու յայտարարութիւնը, թէ «Իսլամական Պետութիւն»ը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ իր տիրապետութեան տակ գտնուող հողերու 87 առ հարիւրը կորսնցուցած է:

Հակառակ ոգեւորութիւն առաջացնող երկու լուրերուն, միաժամանակ լրատուամիջոցներւն մէջ յօդուածներ տարածուեցան այն մասին, թէ «Տահէշ»ի երեխաները ապագայի լարուած ռումբեր են, կը գրէ լիբանանեան «Ալ Տիար»:

«The guardian»ի համաձայն, «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման մեծ թիւով անդամներ սպաննուած կամ փախուստի դիմած են, անտէր թողելով իրենց զաւակները:

Ըստ պարբերականին, «Տահէշ»ի երեխաները կ'ենթարկուին ամէնօրեայ սպառնալիքներու, իրենց ծնողներու կատարած արարքներու վրէժը լուծելու նպատակով, որուն պատճառով ալ զանոնք կը պահեն Իրաքի հիւսիսային շրջանի ճամբարներուն մէջ, եւ ոչ մէկ ծրագիր կայ զանոնք բերաբնակեցնելու:

«ԵՈՒՆԻՍԷՖ»ի ջանքերը, նշուած երեխաներուն յստակ թիւը որոշելու նպատակով, արդիւնք չեն տուած, իսկ իրաքեան պետութիւնը կը խուսափի անոնց մասին բարձրաձայնելէ:

 

Խնդիրն այն է, որ նշուած երեխաներուն մեծ մասը ականատես   դարձած է իրենց ծնողներու ահաբեկչական գործողութիւններուն: Ըստ պաշտօնական տուեալներու, Սուրիոյ մէջ «Տահէշ»ի շարքերուն կռուած է մօտ 1200 երեխայ, մինչդեռ Իրաքի մէջ անոնց թիւը 900 էր: