image

Երէկ Լիբանանը ցնցած սպանդին պատճառը վիտէօ խաղն է՞ր. Կը սպասուի մանրամասն հետաքննութիւն

Երէկ Լիբանանը ցնցած սպանդին պատճառը վիտէօ խաղն է՞ր. Կը սպասուի մանրամասն հետաքննութիւն

Պէյրութի Զուքաք Ալ Պիլաթ շրջանին մէջ արիւնալի դէպքեր տեղի ունեցած են, կը գրէ «Only Lebanon» կայքը:

Կայքին փոխանցմամբ, 14 տարեկան երեխան, որ «Grand Theft Auto – GTA» խաղի սիրահար է, պատճառ դարձած է իր հօր, շէնքի սուրիացի պահակին եւ դրացիներէն մէկուն մահուան:

Ըստ անվտանգութեան ուժերու փոխանցած տեղեկութիւններուն, Ալի Եունէս անունով պատանին, ազդուելով իր խաղացած խաղերէն, վերցուցած է իր հօր որսորդական հրացանն ու դուրս եկած տունէն: Հայրը փորձած է ետ վերձնել հրացանը, սակայն տեղի ունեցած վիճաբանութեան հետեւանքով Ալի կրակ բացած է անոր ուղղութեամբ: Այնուհետեւ շէնքի սուրիացի պահակը փորձած է միջամտել, ու Ալի  նոյնպէս կրակ  բացած է անոր  վրայ ու  սպանած  զինք:  Պատանին յաջորդաբար սպանած է նաեւ պահակին կինն ու դրացիներէն մէկը: Այսպիսով դէպքի վայրը դարձած է Ալիի վիտէօ խաղերուն մէջ պատկերուած ոճրագործութեան դաշտերէն մին:

 

Դէպքի պահուն շրջակայ սրճարաններէն մէկը գտնուող երիտասարդները յաջողած են կասեցնել պատանին, այնուհետեւ ներկայացած են անվտանգութեան աշխատակիցներն ու ձերբակալած են զինք: