image

«Ի վերջոյ մէկ երազ է, մէկ ժողովուրդ եւ մէկ սիրտ». Մարտիկ Մարտիկեանի սրտառուչ կոչը

«Ի վերջոյ մէկ երազ է, մէկ ժողովուրդ եւ մէկ սիրտ». Մարտիկ Մարտիկեանի սրտառուչ կոչը

Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականի աստղ Մարտիկ Մարտիկեան Սուրիոյ ժողովուրդին ուղերձ յղած է:

Մարտիկեան իր խօսքը հնչեցուցած է երէկ՝ Մոնտիալ 2018-ի զտումի մրցումներուն  Սուրիոյ  Աւստրալիոյ դէմ կրած պարտութենէն անմիջապէս ետք:

Հայազգի մարզիկը մասնաւորապէս ըսած է «Ցաւի ճիչ՝ կոտրուած սրտէ: Հաւատացէ՛ք, Մոնտիալի բաժակին համար չեմ նեղուած, այն ինծի համար կարեւոր չէ: Ինծի ցաւ պատճառողը ձեր յոյսերը չարդարացնելն էր: Կը նեղանամ, որ այդքան  յուզուեցաք ու մենք  չկրցանք ժպիտ  մը գծել  Սուրիոյ երեխաներու դէմքերուն: Շնորհակալութիւն Սուրիոյ ժողովուրդին ամէնուր՝ մեզի քաջալերելու համար: Ներողութիւն կը խնդրեմ ձեզմէ, փորձեցինք մեր լաւագոյնը ներկայացնել, մեր ամէն ուժով պայքարեցանք ձեզի ուրախացնելու եւ միաւորելու համար: Սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ: Ի վերջոյ մէկ երազ է, մէկ ժողովուրդ եւ մէկ սիրտ: Կը սիրեմ քեզի Սուրիա»: