image
Հրատապ լուրեր:

Արցախեան Թալիշ Գիւղին Մէջ Վիրաւորներ Չեն Եղած. Իրավիճակը Հանդարտ է

Արցախեան  Թալիշ Գիւղին Մէջ  Վիրաւորներ Չեն Եղած. Իրավիճակը Հանդարտ է

ԼՂՀ-  Արցախի Մարտակերտ շրջանի  Թալիշ    գիւղին մէջ  իրավիճակը  հանդարտ է: Այս մասին   «Արեւելք»ին տեղեկութիւն  փոխանցեց  Թալիշի գիւղապետ  Վիլէն  Պետրոսեան:  Գիւղապետը նաեւ ըսաւ, որ սուտ են  հրապարակուած   այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց     հակառակորդի     կատարած   հրթիռարձակումներուն հետեւանքով վիրաւորուած են   գիւղացիներ: «Գիւղում վիրաւորներ չեն գրանցուել եւ իրավիճակը   երէկ գիշեր  խաղաղ էր» ըսաւ Պետրոսեան յաւելելով, որ      Ազրպէյճանեան  ուժերու կողմէ գիւղին դէմ հրթիռարձակումները եղած են նախանցեալ    24-25 Սեպտեմբերի  լուսցող գիշերը:  Գիւղապետը նաեւ նշեց, որ այսօր իրավիճակը   հանդարտ է եւ   գիւղացիները       սովորական  հունով  իրենց աշխատանքներուն  վրայ են: