image

Հալէպ. Պայթում «Սէյֆ ալ Տաուլէ» թաղամասին մէջ

Հալէպ. Պայթում  «Սէյֆ ալ Տաուլէ» թաղամասին մէջ

Երէկ գիշեր, Հալէպի «Սէյֆ ալ Տաուլէ» թաղամասէն ուժեղ պայթումի ձայն լսուած է:

Ըստ բնակիչներուն՝ երկու հրթիռներ պայթած են թաղամասին մէջ:

Այս մասին տեղեկութիւն տուած է Հալէպի  լուրեր  փոխանցող    դիմատետրի էջեր:

Ըստ  աղբիւրներուն ՝ վնասուած են  քանի մը  շէնքեր:

Դէպքին  հետեւանքով  գրանցուած  են վիրաւորներ,որոնց   առողջական վիճակին   մասին  տեղեկութիւններ  կը պակսին: