image

Լիբանանցի նախարարի մը Սուրիա մեկնելու որոշումը քաղաքական տագնապի կը վերածուի

Լիբանանցի   նախարարի մը Սուրիա  մեկնելու   որոշումը   քաղաքական  տագնապի կը  վերածուի

Օրեր  առաջ  Լիբանանի  ելեւմուտքի նախարար  Ալի Հասան Խալիլ  յայտարարեց, որ  մտադիր է Սուրիա  այցելել: Յայտարարութիւնէն ժամեր անց  Սուրիոյ  իշխանութեան  դէմ եղող  lիբանանեան  կողմեր  անընդունելի    համարեցին  նախարարին յայտարարութիւնը,  նշելով, որ  նման քայլ մը կրնայ  վնասել    ամբողջ երկրին: 

Նոյն ծիրէն ներս  ուշագրաւ  յայտարարութեամբ մը հանդէս  եկաւ    լիբանանեան  խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրիի,որ   զարմանք յայտնեց  Խալիլի   որոշումին  դէմ բարձրացած  բողոքի   ալիքը:

Պըրիի բառացիօրէն ըսաւ. «Կը  զարմանամ  այս մօտեցումին  համար, մինչ  ամբողջ «Հըզպալլա»ն  Սուրիա  կը գտնուի, դուք  քննարկութեան կը դնէք մէկ նախարարի       տալիք այցելութիւնը»:

Լիբանանեան ԶԼՄ-ներ  կը փոխացեն, որ         գոյացած  վէճը   կրնայ յառաջիկայ օրերուն աւելիով թէժանալ, տրուած  ըլլալով, որ կողմերէն ոչ  մէկը պատրաստ է զիջումներ կատարելու:

Յիշեցնենք, որ նախարար Ալի Հասան  Խալիլ     կառավարութեան  մէջ  կը ներկայացնէ   խորհրդարանի նախագահ  Նէպիհ Պըրրիի  ղեկավարած  «Ամալ»  շարժումը: