image

«Տահէշ» այրեց մեր եկեղեցին, իսկ քիւրտերը զայն վերանորոգեցին. Թէլ Ապիատի բնակիչ

«Տահէշ» այրեց մեր եկեղեցին, իսկ  քիւրտերը զայն  վերանորոգեցին. Թէլ Ապիատի  բնակիչ

Սուրիոյ  պատերազմին հետեւանքով  երկրի  տարբեր հատուածներուն մէջ  գտնուող  հայաբնակ տասնեակ  գիւղեր  ենթարկուեցան   ծանր ճակատագրի: Անոնցմէ է  Թէլ Ապիատը, որուն մասին «Արեւելք» տարբեր  առիթներով   նիւթեր հրապարակեց:  Օրերս   «Արեւելք»ի Հալէպի թղթակիցը  հանդիպեցաւ  բնիկ  թէլ ապիատցի    Գէորգ Գույումճեանին  հետ   եւ  շրջանի  իրավիճակին  մասին  վերջին  տեղեկութիւնները  ստանալու համար ունեցաւ   հետեւեալ  հարցազրոյցը:


-Պրն.  Գույումճեան    պիտի խնդրէինք, որ հակիրճ տողերու մէջ    ձեր  մասին տեղեկութիւններ փոխանցէք մեր  ընթերցողներուն:

  

-Անունս  Գէորգ Գույումճեան է՛  կ’ապրիմ Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Թէլ Ապիատ (Սպիտակ բլուր) անունը կրող քաղաքը, կը զբաղուիմ հողագործութեամբ եւ գիւղատնտեսական առեւտուրով:


-Կրնա՞ք մեզ տեղեկութիւն փոխանցել Թէլ Ապիատի հայկական գաղութի մասին, նախքան սուրիական պատերազմը:


-Թէլ Ապիատի մէջ նախքան սուրիական պատերազմի  սկիզբը կը բնակէր մօտաւորապէս 25 հայ ընտանիք:  Թէլ Ապիատի բնակիչները հիմնականին  մէջ  կը զբաղուէին հողագործութեամբ, ինքնաշարժի վերանորոգութեամբ   եւ  առեւտուրով:  Ունէինք շատ հին եւ գեղեցիկ եկեղեցի մը, որ մեր պապերը իրենց ձեռքերով կառուցած էին, ունէինք հայկական դպրոց, որ ունէր աշխոյժ ուսանողութիւն եւ ուսուցչական կազմ:

 


 

-Սուրիական պատերազմի ժամանակ Թէլ Ապիատ քաղաքը ինչպիսի՞ ճակատագիր ունեցաւ:


-Երբ սկիզբ առաւ սուրիական պատերազմը, Թէլ Ապիատն առաջին անգամ 20 սեպտեմբեր, 2012 թուականին գրաւեց «ազատ բանակ» կոչուած խմբաւորումը:  Անոնք Թէլ Ապիատ մնացին  մինչեւ  6 յունուար, 2015, ետքը քաղաքը ինկաւ «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան իշխանութեան տակ, որ  նաեւ յայտնի է  այլ  անուններով:  Անոնք Թէլ Ապիատ մնացին մինչեւ յունիս 2016, իսկ վերջերս քաղաքը անցաւ քրտական ուժերու ձեռքը,  եւ ցայսօր  ալ  կը շարունակէ մնալ անոնց իշխանութեան տակ: 


-Երբ «Իսլամական պետութիւն»ը մուտք գործեց քաղաք,  հայերը ինչպիսի՞ վիճակի մէջ յայտնուեցան:


-Երբ  այդ  ահաբեկիչները մուտք գործեցին քաղաք` բոլոր հայերը փախուստի դիմեցին, որովհետեւ չէին գիտեր թէ ինչպիսի ճակատագիր կը սպասէ իրենց, սակայն ժամանակ մը ետք ճամբաներ գտանք, հանդիպեցանք ԻՊ-ի պատասխանատուներուն հետ եւ սկսանք կամաց–կամաց վերադառնալ  մեր տուները: Մեզի   ըսին, որ  պարտաւոր ենք ենթարկուիլ   իրենց հրամաններուն: Ամէն մարդ կրնար իր գործը կատարել, պայմանաւ, որ իրենց վճարենք  կրօնական տուրք կոչուածը «Ճըզիէ»ն (գլխահարկ), որովհետեւ մենք ուրիշ կրօնքի կը պատկանինք:  Եկեղեցւոյ խաչը  վար առին, եկեղեցին բանտի վերածեցին, ետքը մենք խնդրեցինք, որ եկեղեցւոյ մէջ աղօթքներ կատարենք, սակայն ապարդիւն: Այդ ժամանակ քաղաքի մէջ ամէն ինչ կը գտնէինք, սննդամթերքի նուազ չէինք զգար: Կային որոշ օրէնքներ, որոնց պարտաւոր էինք հետեւիլ, օրինակ իրենց աղօթքի ժամանակ աշխատիլը բացարձակապէս արգիլուած էր, կիները «նիգապ»ով (կնոջ ամբողջ  մարմինը  ծածկող զգեստ, որ սովորաբար սեւ գոյնի կ'ըլլայ- խմբ. «Արեւելք») պէտք էր դուրս ելլէին` այսինքն  կինը  իր երեսն  ու  մազերը ծածկած  պէտք էր ըլլար, տղամարդիկ պարտադիր մօրուք պիտի պահէին, բնականաբար  ծխելն ու  ոգելից օգտագործելը  խմելը արգիլուած էր ու  սահմանուած կարգի խախտումը ունէր ծայրագոյն պատիժ:

 



-Այժմ քաղաքին մէջ ինչպիսի՞ իրավիճակ կը տիրէ:


-Այժմ քաղաքը կը գտնուի քրտական ուժերու իշխանութեան տակ:  Հայերը յարգուած են քիւրտերու կողմէ:  Քիւրտերը իրենց ուժերով եւ միջոցներով վերանորոգեցին մեր պապերու կառուցած  եկեղեցին, որ ամբողջութեամբ  հրկիզուած  էր:  Անոնք նոյնիսկ կը մասնակցին  մեր կրօնական արարողութիւններուն: Վերջերս քանի մը ընտանիք` մօտաւորապէս 10 ընտանիք վերադարձան Թէլ Ապիատ, մանաւանդ անոնք, որոնք ունին հողեր, տուներ եւ խանութներ, եւ անցան իրենց գործերուն գլուխը, որոշ ընտանիքներ ալ վերջնականապէս գաղթեցին:  Իմ ընտանիքս այժմ Հալէպ է , իսկ ես գործի բերումով  յաճախ կ’երթամ  Թէլ Ապիատ՝  օգտագործելով Հալէպի  ցամաքային  ճանապարհը:


-Գաղթելու մտադրութիւն ունի՞ք:


-Իրականութեան մէջ, այո՛, ունիմ, նոյնիսկ որոշ քայլեր առած ենք եւ կը սպասենք վերջին  պատասխանին, որովհետեւ այս պատերազմը շատ ծանր եւ բացասական ազդեցութիւն ունեցաւ մեր  վրայ:  Իսկ եթէ պատերազմը   վերջնականապէս  աւարտի, ապա ես գաղթելու որոշումս վերանայման  պիտի  ենթարկեմ, որովհետեւ Սուրիան մեր ծննդավայրն է ու հայրենիքը:

 

 Հարցազրոյցը ՝ Յ.Ն.ի