image

Լիբանանեան բանակին Տահէշի դէմ սպասուած ճակատումը կրնայ ուշանալ. Կան կարգ մը յստակ պատճառներ

Լիբանանեան բանակին  Տահէշի   դէմ  սպասուած ճակատումը կրնայ ուշանալ. Կան  կարգ մը յստակ պատճառներ

Տահէշ  ահաբեկչական  խմբաւորման դէմ  ընթաց առնելիք   ճակատամարտը կրնայ   ուշանալ կամ  նոյնիսկ յետաձգուիլ: Այս  մասին  կը գրէ «Ալ Ախպար» պարբերականը,  նշելով, որ լիբանանեան  բանակը մտադիր է նախ պատերազմիլ «Սարայա Ահլ Ալ Շամ» խմբաւորման դէմ ու ապա   պատերազմ սկսիլ Տահէշին  դէմ: Կան տեղեկութիւններ, որ «Սարայա» խմբաւորման  զինեալները մտադիր են հեռանալ Լիբանանի լեռնային հատուածներէն  ու  տեղափոխուիլ Սուրիոյ  Ալ Քալամուն շրջանի արեւելեան շրջանները:  

Նշենք, որ այդ  շրջանին  մէջ զինեալ ընդդիմութեան վերջ տալու միտումով տեղի կ’ունենան բանակցութիւններ սուրիական զօրքի եւ զինեալներու միջեւ՝ ռուսական կողմի հովանաւորութեամբ:

Յիշեցնենք, որ լիբանանեան բանակին Տահէշի դէմ  շղթայազերծելիք պատերազմին  ուշացուիլը, նոյնպէս կապ ունի  Տահէշի մօտ գերեվարուած լիբանանցի  ինը զինուորներու ճակատագրին հետ ու նոր չէ, որ Տահէշ  այդ  խաղաքարտը կ'օգտագործէ պահպանելու համար ներկայ  «ստատուս քո»ն: