image

Աթէշեան զրկուած է Պոլսոյ պատրիարքութեան անունով փաստաթուղթեր ստորագրելու իրաւունքէն

Աթէշեան  զրկուած է Պոլսոյ պատրիարքութեան անունով փաստաթուղթեր ստորագրելու իրաւունքէն

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան եկեղեցական համագումարի ընթացքին քննարկուած է  է պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնէն հեռացուած Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի ստորագրության իրաւունքը պահպանելու հարցը։ Ժողովէն ետք պատրիարքարանը յայտարարած է, որ Աթէշեան զրկուած է  պատրիարքութեան անունով փաստաթուղթեր ստորագրելէ։ Այդ իրաւունքը փոխանցուած է պատրիարքի տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքչեանին:  Ըստ որոշ աղբիւրներու, պատրիարքարանի ամբողջ գործունէութեան կառավարումը յանձնուած է  Պեքճեան Սրբազանին: Պատրիարքարանի դրամատնային հաշիւներու նկատմամբ լիազօրութիւնները նոյնպէս փոխանցուած են  Պատրիարքի տեղապահին: Այսպիսով՝ Աթէշեանը պատրիարքարանի անունով որեւէ գործարք կամ գործողութիւն կատարելու լիազօրութիւն չունի: Յիշեցնենք, որ 15 մարտին տեղապահի ընտրութիւններուն պարտութիւն կրելէ ետք,  Աթէշեան պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնէն հրաժարական չէր ներկայացուցած։ Պոլսոյ պատրիարքութեան հոգեւոր խորհուրդը 28 յունիսին Աթէշեանին պաշտօնանկ ըրած էր  եւ խլած էր  բոլոր լիազօրութիւններն ու իրաւունքները: