image

Կարեւորը եւ մնայունը յոյսն ու հաւատքն են. Լաթաքիա բնակող հալէպահայ գործարար (Լուսանկարներ)

Կարեւորը եւ մնայունը յոյսն ու հաւատքն են. Լաթաքիա բնակող հալէպահայ գործարար (Լուսանկարներ)

Սուրիոյ   պատերազմին  հետեւանքով   ծանր վնասներու  ենթարկուեցան  Հալէպի մէջ  գործունէութիւն ծաւալած  եւ  մեծ յաջողութիւններու   հասած  հայ գործարարները:     Այս  առումով հալէպահայ  լայն  շրջանակներուն համար  յայտնի անուն է     գործարար  Գէորգ Նաճարեանը, որ     պատերազմի  թէժացումէն  ետք      ստիպուած  եղաւ   իր ընտանիքի անդամներուն հետ հաստատուիլ   Լաթաքիա:

 «Արեւելք»     հարցազրոյց մը ունեցաւ    Գէորգ Նաճարեանին հետ, այն նախանձախնդրութեամբ, որ    սուրիահայ      համայնքի    զաւակներէն  իւրաքանչիւրն ու անոնց ապրած   ոդիսականը   կարեւոր   նախադրեալներ են մեզի  համար, որպէսզի  կարողանանք  ճիշդ  եւ  ամբողջական  պատկերը տալայն գաղութին, որ    մինչեւ Սուրիոյ պատերազմին  սկիզբը կը  համարուէր Միջին Արեւելքի    հայութեան ամէնէն  գլխաւոր  յենարաններէն մին:

 

Հարցազրոյցը  կատարեց  «Արեւելք»ի Հալէպի աշխատակիցը, որ  օրերս կը գտնուէր  Լաթաքիա:

 


 

 

-Պրն. Նաճարեան   մեր ընթերցողներէն շատերը ծանօթ  են ձեր անունին, բայց   ճիշդ պիտի ըլլար   յաւելեալ տուեալներ փոխանցել  ձեր մասին 

 

-Անունս  Գէորգ Նաճարեան է,  կը զբաղիմ առեւտրական գործունէութեամբ` բեռնատարներու եւ հնձող գործիքներու ճիւղի մէջ:  Պատերազմէն առաջ   ծաւալած էի բաւական զարգացած եւ աշխոյժ գործունէութիւն առեւտրական բնագաւառին մէջ, մանաւանդ եւրոպական տարբեր երկիրներու հետ:  Սակայն Սուրիոյ այս  ծանր եւ երկարատեւ պատերազմը շատ բացասական ազդեցութիւն ունեցաւ մեր բոլորին  վրայ:  Առեւտրական կեդրոնս հիմնայատակ քանդուեցաւ, ուր կար բաւական մեծ քանակի եւ գումարի ապրանք:  Բոլորը կամ գողցուեցան կամ ալ  հրկիզուեցան:  Մինչեւ այս պահը մեր կրած   վնասներուն ամբողջական   պատկերը անորոշ է:   Սակայն յոյսս բնաւ չկորսնցուցի, որովհետեւ այս բոլորը Աստուած տուաւ եւ նորէն կու տայ:  Կարեւորը,  ճի՛շդ կազմակերպուած աշխատանքի վրայ կեդրոնանալն է:


-Ե՞րբ լքեցիք Հալէպը     եւ    ի՞նչ  եղաւ այդ հանգրուանէն  ետք:


-Այս պատերազմի ընթացքին փորձեցի Հալէպ մնալ ընտանիքիս հետ, եւ մօտաւորապէս երկուքուկէս տարի  հոն  մնացինք ռումբերու, կրակներու եւ շրջափակման մէջ:  Սակայն 2015-ին Հալէպի կացութիւնը շատ վատացաւ եւ  վտանգաւոր դարձաւ:  Այս պատճառով որոշեցինք տեղափոխուիլ Լաթաքիա:


-Ինչո՞վ  կը զբաղուիք Լաթաքիոյ մէջ  եւ  ի՞նչ կրնաք ըսել Լաթաքիոյ հայկական գաղութին  մասին:


-Լաթաքիոյ մէջ փորձեցի    ոչինչէն սկսիլ     սկիզբ դնելու  առեւտրական գործունէութեան մը:  Աստուծոյ կամքով կամաց – կամաց մենք մեզի կը գտնենք եւ նոր իրավիճակին կը յարմարուինք:

Լաթաքիոյ հայկական գաղութը այդքան ալ տարբեր չէ  մեր  սիրելի Հալէպի գաղութէն:  Ամենակարեւորը, զաւակս հայկական դպրոց կը յաճախէ եւ կը ստանայ հայեցի դաստիարակութիւն:  Այստեղ նաեւ ունինք հայկական ակումբներ եւ եկեղեցի:  Մենք այստեղ կ’ապրինք մեր իմացած, վարժուած  հայկական մթնոլորտով:


 

 

 

 


 

-Ինչո՞ւ չգաղթեցիք   Սուրիայէն:


-Սուրիան նախ եւ առաջ իմ հայրենիքս է:  Ես երկուքուկէս տարի գործիս բերումով տասնեակ անգամներ շրջած եմ ամբողջ Եւրոպան, սակայն Սուրիոյ պէս օրհնեալ երկիր չեմ տեսած:  Սուրիան մարգարէներու եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի ոտնահետքերով հարստացած հողաշերտ է:  Ես յոյս ունիմ, որ պատերազմը շուտով պիտի վերջ գտնէ այստեղ եւ Սուրիան պիտի վերադառնայ իր բնականոն եւ զարգացած ընթացքին` աւելի  փայլուն եւ աւելի զօրաւոր ձեւով:

 

-Եթէ Հալէպ խաղաղի, մտադրութիւն ունի՞ք     դարձեալ  ձեր ծննդավայրը  վերադառնալու:


-Անպայման պիտի վերադառնամ   եւ ընտանիքս ալ  հետս:  Տունս եւ գործատեղս պիտի վերակառուցեմ եւ պիտի սկսիմ նոր  կեանք մը  իմ շատ սիրելի եւ հարազատ քաղաքին մէջ:  Ես այդ օրը անհամբեր կը սպասեմ եւ գիտեմ, որ այդ օրը  սարերու ետին չէ:     Ճիշդ է, որ  մեծ կորուստներ ունեցանք, բայց կարեւորը եւ մնայունը   յոյսն  ու հաւատքն են: