image

Գեղեցիկ օրերը վերադարձան...Հալէպի հայկական թաղամասին մէջ եղող սրճարանը վերաբացաւ իր դռները

Գեղեցիկ օրերը վերադարձան...Հալէպի հայկական թաղամասին մէջ եղող սրճարանը վերաբացաւ իր դռները

Թալին Մինասեան մինչեւ հիմա յուզումէն կը դողայ, երբ կը մտնէ Հալէպի «Նոր Գիւղ»ի հայկական ակումբի սրճարանէն ներս, յիշելով այն հրթիռները, որոնք կ’իյնային շէնքին վրայ:

Հակամարտութիւններու շփման գիծին գտնուող այս ակումբը 4 տարիէ ի վեր առաջին անգամ  ըլլալով վերստին բացուեցաւ:      

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ հայկական ակումբին միջեւ գտնուող սրճարանէն առաջին անգամ կը լսուին երեխաներու ծիծաղի ձայնը՝ ռումբերու ձայնի փոխարէն:

50 -ամեայ Թալին Մինասեանը ամէն անգամ, որ ակումբ կը մտնէ կ’ըսէ.«Աչքերուս չեմ հաւատար»:

 Պատերազմէն 4 տարի առաջ բացուած,  պարզ ու համեստ կահաւորումով սրճարանը շատ արագ ժամանակամիջոցի մէջ դարձած էր բոլորին համար սիրելի վայր մը:

Տարբեր համայնքներ կ’ապրին Հալէպի մէջ: Սուրիոյ հայերուն մեծ մասը, մօտաւորապէս 150 000, կ’ապրին Հալէպի մէջ: Սակայն կործանարար պատերազմէն ետք, հայերուն մեծ մասը գաղթեցին դէպի Հայաստան, Լիբանան, Եւրոպա, ԱՄՆ,...ու Հալէպի մէջ մնաց հազիւ 10.000 հայ:

Հալէպի արեւմուտքը գտնուող Նոր Գիւղ թաղամասը, պատերազմի ընթացքին ծանր հռթիրակոծութեան ենթարկուեցաւ զինեալներու ձեռքը անցած կողքի Պոսթան Փաշա թաղամասէն:

Պատերազմի չորս տարիներուն բազմաթիւ ընտանիքներ հեռացան  «Ալ Միտան» թաղամասէն (Նոր Գիւղ): Մինասեան կը նշէ. «Կը յիշեմ այն օրը, եր քառասուն  հրթիռ ինկաւ թաղամասի մէջ»:

Այսօր, ամուսինը, որ ինքնաշարժի  անիւներու վաճառականութեամբ կը զբաղէր, բազմաթիւ այլ նորգիւղցեներու պէս, կրկին բացած է խանութը, իսկ աղջիկը, որ իր ամուսինին հետ Հայաստան մեկնած էր՝ կրկին   պիտի վերադառնայ:

57-ամեայ ատամնաբոյժ Յարութիւն Քահուէճեան, որուն ընտանիքը Լիբանան մեկնած էր,  եւ ինք Հալէպ մնացած  հակառակ ամէն ինչին, կ’ըսէ.« Սրճարանին նկարը աղջիկիս ղրկեցի, որ քաջալերուի եւ վերադառնայ»: Ան կը նշէ, որ այս սրճարանը կեանքի   պայքարի խորհրդանշանը կը համարուի:

Հալէպի ամենակարեւոր խորհրդանշաններէն է Հալէպի բերդը:  Քաղաքի երբեմնի զբօսաշրջային կեդրոնը, որ դարձած էր ռազմական կեդրոն, այսօր   արդէն կենդանութեան նշաններ ցոյց կու տայ  եւ հոն  գտուող     սրճարանները եւս  կը վերաբանան իրենց դռները:

Սրճարանի սեփականատէր՝ Պաշիր Ազմուզ կ’ըսէ. «Երբ բերդի նկարները կը տեսնէի, աչքերէս արցունքներ կը հոսէին...: Հիմա ուրախութիւնս աննկարգրելի է»:

Մէկ այլ խորհրդանշաններէն է «Սայտ Ալլա Ճապրի» հրապարակը, ուր թէեւ ակնյայտ կ’երեւին բռնութեան հետքերը, բայց արդէն վերստին լուսաւորուած հրապարակ կը հաւաքուին Հալէպի բոլոր կողմերէն եկած մարդիկ:

37-ամեայ Մուհամմէտ Ալ Տաաուքը, որ ընտանիքին հետ հրապարակ եկած էր՝ զբօսնելու, կ’ըսէ.«Հոսկէ անցնիլ ոչ ոք կը համարձակէր...»: Իսկ հիմա, հրապարակի շատրուաններուն դիմաց, արդէն երեխաները ուրախ կը վազվզեն...:

 

Նիւթի աղբիւր ՝ «Ալ  Նահար»