Մինչեւ պատերազմը երկրի տնտեսա-արդիւնաբերական գլխաւոր կեդրոն համարուող Հալէպը վերանորոգման հունի մէջ է:
Հալէպի առեւտուրի շուկայի համար կազմակերպուած յատուկ ժողովի մը ընթացքին, Հալէպի քաղաքապետը նշած է, որ ժամանակը եկած Հալէպի է վերականգնումին: Ժողովին մասնակցած են Հալէպի ոստիկանութեան վարիչը եւ հալէպցի կարգ մը յայտնի վաճառականներ:
Ժողովի ընթացքին, քաղապետը նշած է, որ Հալէպի վնասուած խանութներու բոլոր խանութպանները պիտի ստանան փոխհատուցումներ, որպէսզի վերադառնան իրենց աշխատանքին:
Նշենք, որ քաղաքապետն ու կառավարական պատասխանատուները՝ համագործակցելով Հալէպի վաճառականներուն հետ, այժմ յատուկ ծրագիր մը կը մշակեն, Հալէպի մէջ «Հին քաղաք» կոչուող վայրը վերականգնելու համար, որ կը համարուի Հալէպի ամենակարեւոր եւ արժէքաւոր շուկան, որ ունէր նաեւ զբօսաշրջային մեծ արժէք: