image

Սուրբ Պատարագը մատուցելէ ետք Տ. Դաւիթ Վրդ. Աւանդած է իր հոգին

Սուրբ Պատարագը մատուցելէ ետք Տ.  Դաւիթ  Վրդ. Աւանդած է իր հոգին

Մխիթարեան  Միաբանութեան  անդամ Տ. Դաւիթ  վրդ. Ղազարեան   աւանդած  է իր  հոգին: Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  Պէյրութի  իր աղբիւրէն:  Մեր  աղբիւրը  նաեւ փոխանցեց, որ  վարդապետը,    Պիքֆայայի  բարձունքին (Մխիթարեան  հայրեր այդ շրջանը   կոչած են Կոմիտաս  Սար) գտնուող Մխիթարեաններու վանքին մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցած է ու  պահ մը  ետք անհանգստութիւն զգացած:  Վրայ հասած է  շտապ օգնութեան  կառքը, որուն  անդամները    ճիգեր  գործադրած են փրկելու համար    երիտասարդ   եւ  նուիրեալ միաբանին կեանքը, սակայն`  ապարդիւն: Մեր տեղեկութիւններով,   դէպքը տեղի ունեցած է    երեքշաբթի  օր,  իսկ     վախճանեալ  վարդապետին     վերջին օծման, յուղարկաւորութեան  եւ թաղման    կարգը պիտի կատարուին վաղը՝  յետմիջօրէին,    Ռաուտայի  «Սրբուհի Ռիթա»   եկեղեցւոյ  մէջ:

«Արեւելք» կը   բաժնեկցի  այս    խոր  վիշտը  եւ կը ցաւակցի վախճանեալին հարազատներուն    եւ Մխիթարեան Միաբանութեան մեծ  ընտանիքին՝     Տ. Դաւիթ  Վարդապետին անժամանակ       մահուան  կապակցութեամբ: