Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ Տ. Դաւիթ վրդ. Ղազարեան աւանդած է իր հոգին: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ վարդապետը, Պիքֆայայի բարձունքին (Մխիթարեան հայրեր այդ շրջանը կոչած են Կոմիտաս Սար) գտնուող Մխիթարեաններու վանքին մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցած է ու պահ մը ետք անհանգստութիւն զգացած: Վրայ հասած է շտապ օգնութեան կառքը, որուն անդամները ճիգեր գործադրած են փրկելու համար երիտասարդ եւ նուիրեալ միաբանին կեանքը, սակայն` ապարդիւն: Մեր տեղեկութիւններով, դէպքը տեղի ունեցած է երեքշաբթի օր, իսկ վախճանեալ վարդապետին վերջին օծման, յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգը պիտի կատարուին վաղը՝ յետմիջօրէին, Ռաուտայի «Սրբուհի Ռիթա» եկեղեցւոյ մէջ:
«Արեւելք» կը բաժնեկցի այս խոր վիշտը եւ կը ցաւակցի վախճանեալին հարազատներուն եւ Մխիթարեան Միաբանութեան մեծ ընտանիքին՝ Տ. Դաւիթ Վարդապետին անժամանակ մահուան կապակցութեամբ: