image
Հրատապ լուրեր:

Եգիպտոսի եկեղեցիները կը փակուին. Ի՞նչ է պատճառը...

Եգիպտոսի եկեղեցիները  կը  փակուին. Ի՞նչ է պատճառը...

Առաջին անգամ ըլլալով, տարիներէ ի վեր, Եգիպտոսի քրիստոնէական եկեղեցիներու    մարմինները  առկախած  են  իրենց   ամառնային պտոյտներն ու համագումարները, մինչեւ այս ամսուայ վերջը, քրիստոնեաներուն  դէմ հաւանական ահաբեկչական յարձակումներէն զերծ մնալու միտումով:

Այս մասին գրած է եգիպտական «Ալ Եոմ Ալ Սապէհ» կայքը, որ իր տեղեկութիւնները ստացած է Ղըպտի եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝  Պուլոս Հալիմէն:  Ան նշած է, թէ յարմար չէ այս անապահով վիճակին     որեւէ   միջոցառում կազմակեպել:  Այդ պատճառով, համագործակցելով եգիպտական անվտանգութեան ծառայութիւններուն հետ, յայտարարուած է,  որ բոլոր եկեղեցական պտոյտներն ու համագումարները պիտի դադրին:

Նոյնպէս Աւետարանական համայնքի հովուապետ Անտրէ Զաքի յայտարարած է, որ իր համայնքը եւս պիտի հետեւի նոյն որոշումին:

Նոյնը կարելի է ըսել   Կաթողիկէ եկեղեցիին  մասին:

Իր կարգին Ղըպտի  պատրիարքութեան ներկայացուցիչ Հանի Պախում նշած է, որ «այս քայլը կ’օժանդակէ անվտանգութեան մարմիններուն եւ առիթ կու տայ որ կեդրոնանան իրենց գործերուն վրայ՝ հետապնդելով ահաբեկիչները»:

Նշենք, որ այս տարուան ընթացքին, Եգիպտոսի քրիստոնեայ համայնքը , որուն թիւը կը կազմէ շուրջ  15 միլիոն, ականատես եղաւ տարբեր յարձակումներու: Ամենամեծ ահաբեկչութիւնը տեղի ունեցաւ 9 ապրիլ ին,   միաժամանակ ե՛ւ Թանթայի եւ Աղէքսանդրիոյ մէջ: Այս երկու ահաբեկչութիւններուն զոհ   գացած  են  45   հաւատացեալներ: