Ռուսական լրատուական աղբիւրներ Հալէպահայ գաղութի պատասխանատուներուն յղում կատարելով յայտնած են, որ շուտով սկիզբ պիտի առնէ Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ վերակառուցումը։
Յիշեցնենք, որ պատմակերտ եկեղեցին Հալէպը հարուածած ծանր պատերազմի օրերուն յայտնուած էր ահաբեկիչ զինեալներու եւ Սուրիոյ ազգային բանակի շփման գծին մերձ: Եղած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով եկեղեցին կրած էր ծանր վնասներ եւ երկար ժամանակէ ի վեր Եկեղեցւոյ մէջ կրօնական արարողութիւններ չեն կատարուիր:
Սրբոց Քառասնից Մանկանցը (կառուցուած 15-րդ դարուն) կը համարուի Հալէպի պատմա- մշակութային կարեւոր կեդրոններէն մէկը։
Եկեղեցին կառուցուած է 15-րդ դարուն, ականտես եղած է դարձած է տարբեր տեսակի աղէտներու եւ պատերազմներու, բայց միշտ վերակառուցուած է Հալէպի հայ գաղութի եւ աշխարհով մէկ սփռուած հայերու շնորհիւ։
Ռուսական աղբիւրներ կը նշեն, որ այս հանգրուանին եկեղեցւոյ վերակառուցման աշխատանքներուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Հալէպի քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներու յայտնի բարերարներ: