Ուժգին պայթում մը ցնցած է Հալէպը: Այս մասին լուրը փոխանցեց «Սբութնիք» լրատուական գործակալութիւնը: Աղբիւրին համաձայն պայթումը եղած է Հալէպի Սահտ Ալլա Ալ Ժապէրի հրապարակին վրայ գտնուող «Պաաս» կուսակցութեան գլխաւոր կեդրոնատեղինն մէջ: Ըստ նախնական տուեալներու պատահարը արդիւնք է կուսակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ գտնուած արկերու պայթումին, որ եղած է ջերմաստիճանի բարձրացման հետեւանքով:
«Արեւելք»ի Հալէպի աղբիւրին համաձայն պայթումին որոտը նոյնպէս լսուած է հայկական թաղամասերուն մէջ, որոնք կը գտնուին դէպքին վայրէն 2 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
Մարդկային կորոստներու մասին տուեալներ չեն հրապարակուած: