image

Ես մուրացկան չեմ եւ ողորմութիւն չեմ խնդրեր Արեւմուտքէն. Հալէպահայ բեմադրիչ

Ես  մուրացկան  չեմ եւ ողորմութիւն  չեմ խնդրեր Արեւմուտքէն. Հալէպահայ բեմադրիչ

Հալէպահայ    թատերական գործիչ  եւ   բեմադրիչ Գրիգոր Քէլէշեանի  անունը ծանօթ  է    շատերուն:  Իր ուսումը Երեւան  ստացած  բեմադրիչը  երկար տարիներ     մասնակիցը դարձած է  Հալէպի մշակութային կեանքին` բեմադրելով     հարիւրէ  աւելի թատերգութիւններ:  Սուրիոյ  եւ մասնաւորապէս   Հալէպը արիւնաքամ  ընող  պատերազմի  ընթացքին     Քէլէշեան  շատերու նման իր  «պանդուխտի   ցուպը առնելով»  փորձած է     Հալէպէն հեռանալ եւ հաստատուիլ հեռաւոր ափեր:     Ստեղծուած  իրավիճակները  եւ        գաղթականի  կարգավիճակին մէջ  յայտնուած   հայորդիին  հանդէպ   ոչ փափկանկատ    վերաբերմունքը ստիպած են   անոր վերադառնալ իր  ծննդավայր  քաղաքը ՝ Հալէպ: Ու   հակառակ    ծանր վնասներու ենթարկուած  բնակարանին`  ան  դարձեալ   վերականգնած է իր  օճախը եւ  այսօր  Հալէպի մէջ   ապրելով կը շարունակէ  հաւատալ ու սպասել, որ   երբեմնի  Հալէպը դարձեալ   վերադառնայ իր փառքի  օրերուն եւ լուսաշող  անցեալին:

 

 «Արեւելք»

 

 

-Պարոն Քէլէշեան, ի՞նչ  վիճակի   մէջ   է  Հալէպ քաղաքը այսօր:


-Մեր մօտ քաղաքական վիճակը կայուն է, հանգիստ է: Կամաց- կամաց քաղաքը կը վերականգնուի` փողոցները կը մաքրեն, արգելափակող պատերը կը հանեն եւ ճանապարհները կը բանան:  Մարդիկ սկսան իրենց քանդուած խանութը կամ տունը վերանորոգել:  Քաղաքի բարեկարգումը նկատելի է:  

 

-Դուք լաւատե՞ս էք Հալէպի ապագայով:


-Այո՛, լաւատես եմ: Ինչպէս որ նշեցի, քաղաքը արդէն կը վերականգնուի:  Միութիւնները եւ կազմակերպութիւնները լծուած են վերակառուցման մեղուաջան  աշխատանքի: Անոնք ամէն օժանդակութիւն ցոյց կու տան, որ  հայութիւնը  վերականգնէ իր կեանքը Հալէպի եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ մէջ: 

Մենք, ասկէ աւելի դժուար պայմաններու մէջ ապրեցանք: Հիմա վիճակը կը լաւանայ եւ վստահ ենք դէպի աւելի  լաւը պիտի  ընթանայ: Ընդիմադիրները, որոնք բարեփոխումներ պիտի իրականացնէին, համոզուեցան, որ սխալ էր իրենց որդեգրած ուղին:


-Պրն. Քէլէշեան  իմացանք, որ    պատերազմի  ամէնէն թէժ օրերուն  նաեւ ձեր  բնակած  տունը   վնասուեցաւ:  Կրնա՞ք  այս մասին յաւելեալ   տեղեկութիւններ տալ մեր ընթերցողներուն:


-Ինչպէս  շատերունը, այո Թիլալի  շրջանին մէջ    եղող   մեր տունն  ալ վնասուեցաւ:  Նոյեմբերին 2016 -ին,  հրթիռի պատճառով քանդուեցաւ տան առաստաղը:  Մեր բարեկամներու աջակցութեամբ, կրցանք նորոգել տունը եւ այժմ հոն կ’ապրինք:  Անշուշտ, Առաջնորդարանի կողմէ մարդիկ եկան նայեցան, արձանագրեցին բոլոր վնասները եւ խոստացան փոխհատուցել: Սակայն տակաւին օգնութիւն մը չստացանք: 


-Հալէպահայ  մեր ընթերցողներէն շատեր ծանօթ են ձեր  անուան:  Դուք    Հալէպի    մէջ   վաստակ  ունեցող բեմադրիչ էք:  Այդ մասին  նաեւ կ’ուզէինք լսել:


-Ես Հայաստան ուսանած եմ:  1966- ին աւարտած եմ դերասանական բաժինը (ֆակուլտետ), իսկ 1969-ին` բեմադրականը:  Դերասանական  հիմնարկի ղեկավարս եղած է հանգուցեալ Վահիկ Վարդանեանը, իսկ բեմադրական բաժինի ղեկավարս` Վարդան Աճէմեանը:  Հալէպ, շատ կարճ ժամանակի մը համար, թատերախումբ մը հիմնեցի:  Խումբը չկրցաւ գոյատեւել պետական տուրքերու  պատճառով:  Ետքը, սկսայ աշխատիլ միութենական խումբերու հետ: Այսօր, կ’աշխատիմ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) «Ադամեան» թատերախումբին, Համազգայինի «Զաւարեան» թատերախումբին  եւ «Նոր Սերունդ»ի  թատերական  խումբին  հետ: Արաբական պետական թատրոնի հետ ալ գործունէութիւն ունիմ:  Մինչեւ այսօր բեմադրած եմ աւելի քան 130  հայ եւ օտար հեղինակներու թատերգութիւններ:  


-Այս ընթացքին փորձեցի՞ք Հալէպէն հեռանալ:


-Այո, փորձեցի, սակայն ետքը այդ գաղափարը միտքէս հանեցի, որովհետեւ  Պէյրութի Գանատայի դեսպանատունը շատ անմարդկային վերաբերմունք ցոյց տուաւ մեր հանդէպ:  Նախ փողոցը նստարաններուն վրայ ձգեցին, որ երկար սպասենք, ետքը թուղթեր տուին եւ ըսին ամբողջացուցէք եւ մենք ձեզի կը պատասխանենք:  Ես մուրացկան մը չեմ եւ ողորմութիւն չեմ խնդրեր իրենցմէ:  Պէտք է քաղաքավար ձեւով վարուին մարդոց հետ:  Եթէ պիտի չընդունին, ապա կիրթ ձեւով կրնային ըսել`ձեզի կը մերժենք:  Այս վերաբերմունքը ընդվզեցուց զիս եւ որոշեցի չերթալ: Եթէ Պէյրութ այդպէս ընդունեցին, ապա հոն ինչպէ՞ս պիտի վարուէին մեզի հետ:

 

-Ունի՞ք հարազատներ, որոնք պատերազմի պատճառով Գանատա գացին:


-Այո՛,  այո՛, շատ հարազատներ գացին: Մարդիկ կան գոհ են, մարդիկ ալ կան շատ դժգոհ են եւ եթէ առիթ ունենան կը վերադառնան:  Այս խօսքը որքանով իրականութիւն կը դառնայ, պարզ չէ:  Մարդիկ կան, որոնք իրեց արարքը արդարացնելու համար կ’ըսեն` մենք մեր զաւակներու ապագային համար գացինք, սակայն չեմ հաւատար, որովհետեւ արդէն հոն երթալէն ետք,  զաւակներն  ալ      իրենցը չեն: Եթէ պզտիկ յանդիմանութիւն մը լսէ ծնողքէն, զաւակը իրաւունք ունի զանգելու 911, իսկ 18-էն վերջ բոլորովին ազատ են:  Ա՞յս է իրենց զաւակներուն ապագան:


-Այսօր Հալէպի մէջ հանգիստ կ’ապրի՞ք: Ձեր կեանքը ինչպէ՞ս կ’ընթանայ: 


-Փառք Աստուծոյ, հանգիստ ենք:  Հոս մարդոց առօրեան հունի մէջ կը մտնէ:  Օրինակ ես, առաւօտ  կանուխ կ’արթննամ եւ  կը զբաղիմ իմ գրադարանովս, երբեմն  միութիւններու ժողովներուն ներկայ կը գտնուիմ կամ ընկերներուս հետ կը հանդիպիմ արուեստի, մշակոյթի զանազան հարցերու ուսումնասիրութիւններ կ’ընենք, դասախօսութիւններու եւ ակումբի ձեռնարկներուն կը մասնակցիմ:  Օրս այսպէս կ’անցընեմ:  

Ինչպէս նշեցի, ես հայկական բոլոր միութիւններուն եւ պետական թատրոնին  հետ կը համագործակցիմ:  Ինծի  պէս մարդու մը համար  հոս մնալը աւելի նպաստաւոր է, քան  Գանատա հասնիլ եւ ձեռքը պետութեան  բանալը:  Այս տարիքէս ետք հոն ո՞վ  գործ պիտի տայ ինծի:

 

-Իսկ կնեցաղային խնդիրները, նկատի ունիմ սնունդը եւ այլ պէտքեր կրնա՞ք դիրութեամբ ապահովել:

 

-Այո՛, այո, փառք Աստուծոյ, հիմա բաւական լաւ է, սակայն քիչ մը սղութիւն կայ:  Անցեալին համեմատ,  հիմա ամէն ինչ աւելի սուղ է:

 

-Հալէպի ժողովուրդը, հանգիստ, փողոցը կրնա՞յ քալել:

 

-Այո՛: Գիշերը մինչեւ ժամը 11 փողոցը մարդ կայ:  Կեանքը իր բնական հունով կ’ընթանայ:  Ճաշարանները եւ սրճարանները կ’աշխատին, հարսանիքներ տեղի կ’ունենան: 

 

-Մինչեւ ո՞ւր  կը տարածուի  Հալէպի   ապահովական գօտին: Շատ լսած ենք, որ Հալէպի հայկական թաղամասերը  կործանած են:

 

-Ես քաղաքի կեդրոնը կ’ապրիմ: Հոս վիճակը լաւ է: Կեդրոնէն քիչ մը դուրս, արդէն վնասուած եւ կործանուած թաղամասեր շատ կան, սակայն  ամէնէն  վնասուած  են քաղաքի  հեռաւոր արուարձանները վնասուած են:  Պատերազմէն ետք, ես անձամբ չեմ գացած այդ    շրջանները, սակայն ամէն օր հեռուստացոյցէն կը տեսնենք այդ կողմերու վիճակը:  Շատ ցաւալի է այդ բոլորը տեսնելը:  Ի վերջոյ, ծննդավայրս է եւ ամէն տեղ յիշատակ մը ունիմ:  Ես վստահ եմ, որ կործանուած բոլոր թաղամասերը պիտի վերականգնուին: 

Օրինակ Նոր գիւղի շրջանը արդէն կամաց-կամաց կը վերականգնեն:  Հոն  հայկական «Տիգրանեան» սրահը կայ իր պարտէզով.  Որ  օրերս վերանորոգուեցաւ  եւ   սրահին բացումը կատարուեցաւ:  Հիմա ժողովուրդը հոն կը յաճախէ:

 

-Լսեցինք, որ  շուտով Հալէպի օդակայանը պիտի սկսի գործել:  Տեղեկութիւն մը ունի՞ք այս լուրին մասին:

 

-Այո՛, պիտի վերաբացուի, բայց      բացուելու ժամկէտին մասին     յստակ տեղեկութիւն  մը չունիմ: Այսպիսով, փոխադարձ թռիչքներ պիտի ըլլան Հալէպի եւ բարեկամ երկիրներու հետ: Այս մէկը, արդէն, Հալէպի ժողովուրդին առիթ կու տայ վերադառնալու կամ յաճախ այցելութիւններ կատարելու:

 

-Պրն.  Քէլէշեան  Հալէպի  պատերազմի ամէնէն դժուար    օրերը ապրեցաք, բայց  չնախընտրեցիք Հայաստան այցելել:  Ի՞նչ է  պատճառը   արդեօք:

 

-Հայաստանը   մեր երկիրն է, բայց երբեք  պիտի չուզէի  այդ  երկրին   համար  բեռ մը ըլլալ: Ես եթէ Հայաստան գայի, ո՞վ ինծի աշխատանք պիտի տար:  Այսօր Հայաստանի բեմադրիչները դժուարութիւններու առջեւ են,  հապա   ի՞նչ  ընէր իմ   տարիքը ունեցող  մէկը, որ պատերազմի  թոհուբոհէն   խոյս  տալով Հայաստան   պիտի յայտնուէր:

 

 

 

 

 Հարցազրոյցը ՝ Ս. Ա.ի