image

Հալէպ. 2014-ին զոհուած երկուորեակ քոյրերու աճիւնները Ազգային Գերեզմանատուն տեղափոխուեցան (Լուսանկարներ)

Հալէպ.  2014-ին  զոհուած երկուորեակ  քոյրերու աճիւնները Ազգային Գերեզմանատուն տեղափոխուեցան (Լուսանկարներ)

1979-ի ծնունդ երկուորեակ  քոյրերու աճիւնները  օրեր  առաջ     Հալէպի Ազգային Գերեզմանատուն տեղափոխուեցան:  Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  Հալէպի իր աղբիւրէն:  Մեր աղբիւրը  նաեւ  փոխանցեց, որ  Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի      գերեզմանատան հարցերու  յատուկ յանձնախումբին կարգադրութեամբ    երկու քոյրեր՝   Ազնիւ    եւ Արաքսի  Արուշեաններու  եւ  անոնց հօր՝  Յակոբ Արուշեան աճիւնները   Քարմէլիթ   շրջանի առժամեայ  գերեզամատունէն փոխադրուած են Հալէպի Ազգային  Գերեզմանատուն:

Յիշեցնենք, որ 1979-ի   ծնունդ երկու քոյրերը  զոհուած էին 31 յուլիս    2014-ին  «Սուրբ երրորդութիւն»  եկեղեցւոյ   մօտ, եւ ի յիշատակ անոնց   դէպքին  վայրը  տնկուած է   ձիթենիի  ծառ մը:

2011 թուականին սկիզբ  առած  եւ Սուրիան  արիւնաքամ   ըրած       պատերազմին հետեւանքով   սպաննուած   է      շուրջ  հազար  մարդ: 

Իսկ  վերջին  տուեալներուն համաձայն Սուրիոյ տարբեր  հատուածներուն  մէջ զոհուած  հայերուն  թիւը կը հասնի 200-ի:

Ներկայիս   Հալէպի մէջ   խաղաղ  եւ կայուն իրավիճակ մը կը տիրէ, սակայն  քաղաքի  ծայրամասերուն վրայ   մարտեր  տեղի կ'ունենան եւ  Տահէշ  ահաբեկչական խմբաւորումը կը շարունակէ իր տիրապետութեան  տակ  պահել    Հալէպը   շրջապատող  տասնեակ աւաններու եւ գիւղերու վրայ: