image

Սուրիացի ուսանողներ անձնասպան կ'ըլլան. Մասնագէտները կը մերժեն դէպքերը ընդհանրացած երեւոյթ համարել

Սուրիացի ուսանողներ անձնասպան կ'ըլլան. Մասնագէտները կը մերժեն   դէպքերը   ընդհանրացած  երեւոյթ համարել

Սուրիոյ  ուսանողական շրջանակներուն մէջ   տեղի ունեցող  անձնասապանութիւնները  հերթական   բնոյթ  սկսած են կրել:    Այս  մասին  տեղեկութիւնը կը փոխանցէ  «Ալ Ժատիտ»    կայանը, որ նաեւ կը    հաղորդէ  որ  վերջին անձնասպանութիւնը եղած է   Սուրիոյ Թարթուս քաղաքին մէջ,  երբ  9-րդ կարգի    աշակերտ մը     ամավերջի  պետական քննութեանց  ը ձախողելէ   ետք     ռումբի  մը   շնորհիւ   ինքզինք «պայթեցուցած» է:

  Այլ  ծանր   դէպք մը արձանագրուած է  նաեւ Հալէպի մէջ , երբ   Մարուան Մուսթաֆա Հալաք  անունով աշակերտ մը ,որ   նոյպէս ձախողելով պետական քննութիւններուն ինքզինք նետած է հինգերորդ յարկէն:

 Իր   կարգին  Դամասկոսի համալսարանի քրէական գիտութիւններու մասնագէտ  դոկտ.  Հանա Պարքաուի   նոյն  աղբիւրին     խօսելով նկատել տուած քանի մը դէպք չեն կրնար երեւոյթի մը ծնունդը  նկատուիլ ,մանաւանդ ,որ     այդ  դէպքերէն  զատ  այլ  ցնցիչ  դէպքեր  չեն  արձանագրուած: Ան  նաեւ աւելցուցած է ,թէ  ճիշդ է   այն մօտեցումը ըստ որուն  Սուրիան  աւերած պատերազմը, իր տնտեսական եւ ընկերային տագնապներով  ,շատ մը մարդկային սկզբունքներու վրայ ազդած է ,սակայն եթէ անձնասպանական  դէպքերու դրդապատճառները  մանրամասն եւ յստակ կերպով  չուսումնասիրուին     ապա       այդ երեւոյթը   ընդհանրացնելը  պիտի շարունակէ  մնալ  անարժէք  եւ գիտական  փաստերու վրայ   չհիմնուած  մօտեցում մը: