image

ԱՄՆ նախագահ Թրամբ այցելեց Երուսաղէմի հայոց Սուրբ Յարութիւն տաճար

ԱՄՆ նախագահ Թրամբ այցելեց Երուսաղէմի հայոց Սուրբ Յարութիւն տաճար

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամբ եւ անոր տիկին Մելանիա Թրամբ Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ ունկնդրած են Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան Ժառանգաւորաց վարժարանի երգչախումբի կատարումը:

Այս մասին յայտնած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան դիւանապետ Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեանը:

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան 22 մայիսին Պէն Կուրիոն օդակայանին մէջ մասնակցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամբի դիմաւորման արարողութեան: