image

24 Յունիսին սկիզբ պիտի առնեն Երեւան-Լաթաքիա ուղիղ թռիչքները

24 Յունիսին սկիզբ պիտի առնեն Երեւան-Լաթաքիա ուղիղ թռիչքները

Հայաստանէն Սուրիա՝ Երեւան-Լաթաքիա-Երեւան երթուղիով ուղիղ թռիչքներ պիտի կատարուին: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Երեւանի մէջ գործող «Անահիտ թուրզ» ընկերութենէն:

Ինչպէս տեղեկացուց ընկերութեան աշխատակիցը, թռիչքները պիտի իրականցուին Airbus 320 օդանաւով, շաբաթական մէկ անգամ՝ շաբաթ օրերը: Թռիչքներու մեկնարկը պիտի տրուի 24 յունիս 2017-ին: Երթ ու դարձի տոմսի արժէքը 650 տոլար է, իսկ միայն երթը՝ 400 տոլար: Ուղեւորները պիտի կարենան իրենց հետ տանիլ 20 քկ ուղեբեռ եւ 10 քկ ձեռքի ուղեբեռ: