«Լիբանանեան Երկխօսութեան Նախաձեռնութեան» պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ՝ հիւպատոս Ուալիմ Զըրտ Ապու Ժաուտէի այցելած է Լիբանանի նախագահական պալատ եւ հանդիպում ունեցած է նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ: Այս մասին կը տեղեկանանք «Լիբանանի Երկխօսութեան Նախաձեռնութեան» (LDI) պաշտօնական կայքէն:
Հանդիպման մասնակից՝ խորհրդականներու յանձնաժողովի անդամներու շարքին էր նաեւ Լիբանանահայ հասարակական գործիչ՝Մկրտիչ Պուլտուքեան:
Ապու Ժաուտէ շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահին, «Լիբանանի երկխօսութեան Նախաձեռնութեան» նպատակները իրականացնելու համար կատարած ջանքերուն՝ որոնք ուղղուած է Լիբանանը մշակոյթային եւ քաղաքակրթական երխօսութեան միջազգային կեդրոն դարձնելուն: Ապու Ճաուտէ նաեւ նախագահին պաշտօնական գիր մը ներկայացուցած է, ուր կը խնդրէ իրենց նախաձեռնած ծրագիրները օրակարգի վրայ դնել եւ բարձրացնել ՄԱԿ-ին:
Այնուհետեւ, յանձնախումբը ներկայացուց «Նախաձեռնութեան» ծրագիրները տարածելու համար իր կատարծ գործունէութիւններ :
Նախագահը իր հերթին, գնահատած է՝ Լիբանանը միջազգային երկխօսութեան կեդրոն դարձնելու ուղղութեամբ «Նախաձեռնութեան» տարած ազգային աշխատանքը, ե՛ւ՝ Լիբանանի, ե՛ւ դուրսի համայնքներուն հետ: Ան նաեւ նշած է, որ այս հարցը քննակած է Հռոմի Պապ Ֆրաչիսկոսի, ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէսին եւ քանի մը այլ փարձր պաշտօնեաներու հետ, ընդգծելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կը շարունակէ միջոցներ ձեռնարկել ապահովերու ՄԱԿ-ի համաձայնութիւնը:
Յիշեցնեք, որ Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան լիբանանահայ յայտնի հասարակական գործիչ է: Ան նաեւ յայտնի անուն է Լիբանանի ելեւմտական ոլորտին մէջ եւ տարիներ առաջ եղած է Լիբանանի կեդրոնական դրամատան փոխ կառավարիչներէն մէկը: Պուլտուքեան նաեւ հեղինակ է Արեւմտահայաստանի տարածքին հայ սեղանաւորներու մասին տասնեակ յօդուածներու եւ բազմաթիւ հատորներու: