Հալէպի Ճեմարանի ամառնային պարտէզը վեց տարի անց վերաբացած է իր դռները:
Նշենք, որ Նոր Գիւղի մէջ գտնուող Ճեմարան պարտէզը կը գործէ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի կից: Ամրան շրջանին ան կը հանդիսանար հալէպահայ ընտանիքներու հաւաքավայր, այնտեղ կը կազմակերպուէին ընտանեկան ընթրիքներ եւ տաբեր միջոցառումներ: