image

Սուրիահայ Հաճեան եղբայրները իրենց սեփական ճաշարանը բացած են Rossia Mall-ի մէջ (Լուսանկարներ)

Սուրիահայ Հաճեան եղբայրները իրենց սեփական ճաշարանը բացած են Rossia Mall-ի մէջ (Լուսանկարներ)

Սեւակ եւ Արշակ Հաճեան եղբայրները Երեւանի Rassia Mall-էն ներս, օրեր առաջ բացին իրենց սեփական «Facefood» ճաշարանը: 

Եղբայրներէն Սեւակը, որ միեւնոյն ժամանակ ճաշարանի խոհարարն է, «Արեւելք»ին յայտնեց. «Մեր քով ծանր ռեստորանի որակով, բայց յարմար գիներով ուտելիք կը սպասարկուի: Մեր ճաշարանը Երեւանի մէջ գործող սուրիական միւս ճաշարաններէն կը տարբերի իր ճաշացուցակով, ձեւաւորումով եւ վայրով, նկատի ունենալով, որ հանրաշուկայի մէջ կը գտնուի մեր տարածքը»:

Հաճեան եղբայրները սուրիական պատերազմի հետեւանքով շուրջ վեց տարի առաջ դուրս եկած էին իրենց ծննդավայր Հալէպէն: Արշակը՝ Լիբանանի, իսկ Սեւակը՝ Հայաստանի մէջ տարբեր ճաշարաններու մէջ աշխատած էին, կուտակելով փորձառութիւն: Եղբայրները վերջերս որոշած էին իրենց փորձառութիւնը ի մի բերելով ստեղծել իրենց սեփականը:

Այժմ «Facefood»ի մէջ Սեւակը ստանձնած է խոհարարութիւնը, իսկ Արշակը տնօրինութիւնն ու յաճախորդներու սպասարկումը:

«Բացումը 5 օր առաջ ըրինք, եւ փառք Աստուծոյ, արդիւնքը մեր յուսացածէն շատ աւելի էր: Առաջին օրէն մեծ ընդունելութիւն գտան մեր ճաշերը, մարդիկ հերթ կանգնեցան»,- ըսաւ Սեւակ, բացատրելով, որ իրենց մօտ համպուրկըրի մեծ տեսականի կայ, որ ուրիշ տեղերէ կը տարբերի, իւրաքանչիւրը ունի իրեն յատուկ սոուսը, անոնք կը սպասարկեն շուկայի մէջ նոր՝ սեւ եւ կարմիր հացով համպուրկըրներ:

Բացի արագ սնունդէն, ճաշացանկին մէջ ընդգրկուած են տաք ուտեստներու մեծ տեսականի: