image

Մեր վերջին ունեցածը, այս կտոր մը հողն է: Ամերիկահայ սփիւռքը ապագայ չունի. Վերապատուելի Վահան Թութիկեան

Մեր  վերջին  ունեցածը, այս կտոր մը հողն է: Ամերիկահայ սփիւռքը ապագայ չունի. Վերապատուելի Վահան Թութիկեան

«Աւետարական համայնքը ժողովարան չէ, Աւետարանական համայնքը աղանդ չէ», «Արեւելք»ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց վերապատուելի Վահան Թութիկեան՝ անդրադառնալով համայնքի իսկութեան ու անոր շուրջ տարածուած խեղաթիւրուած կարծիքին: Հերքելով համայնքի հասցէին վերագրուած անհիմն ամբաստանութիւնները, վերապատուելի Թութիկեան ցաւով նշեց, թէ «Հայաստանի մէջ, եղան անհիմն ամբաստանութիւններ մեր համայնքին նկատմամբ, զանազան պատճառներով: Ամբաստանութիւններ, որոնք, դժբախտաբար, հնչեցին եկեղեցականներու կամ մեր աշխատանքներուն անծանօթ մարդոց կողմէ»:

Շեշտելով այն գաղափարը, որ հայրենասիրութիւնը փողով ու թմբուկով չէ, Վերապատուելին համուզում յայտնեց, որ Աւետարանական համայնքը  լռելեայն կը գործէ: Տարիներ շարունակ, գաղտնաբար, Թուրքիոյ ներքին գաւառներէն մարդիկ բերած ու հայացուցած են, որոնց վերջին ցայտուն օրինակը եղած է Հրանդ Տինքը: Անգամ Ամերիկայի մէջ մարդ չ'իմանար, թէ ինչ բարեսիրական գործունէութիւն կը ծաւալէ համայնքը: «Դժբախտաբար, հոս կարգ մը մարդիկ մեր մասին պէտք եղած տեղեկութիւնները չունէին, կամ եթէ ունէին, տեսան, որ գործը կը մեծնայ եւ կը զարգանայ, նախանձէ քրքրուած մեզ աղանդաւորներու կարգին դասեցին: Օրէ օր, այդ հոգեբանութիւնը կը վերանայ»,- լաւատեսութեան   շեշտով  մը յայտնեց մեր զրուցակիցը:

Հայաստանի վերանկախացման 25-ամեակին հետ զուգադիպող Հայ Աւետարանական համայնքի հիմնադրութեան 170-ամեակի տարեդարձին, Հանքաւանի մէջ, համայնքի հոգեւոր հովիւները համագումար մը կայացուցին: Համագումարի կայացման վայրի ընտրութիւնը, ըստ համայնքապետին, պատահական չէր. «Անցեալ տարի, երբ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ ժողով ունէինք, հարցական էր, թէ ո՞ւր պիտի ունենանք մեր յաջորդ համագումարը: Մեր ծրագիրներէն մէկն էր, աշխարհասփիւռ բոլոր հայ Աւետարանական հովիւները մէկտեղել: Մտածեցինք, որ Հայաստանի վերանկախացման 25-ամեակն է, ուստի որոշեցինք Հայաստանի մէջ ունենալ մեր համագումարը, ծրագրեցինք ու բոլոր հովիւներուն տեղեկացուցինք: Ուրախ եմ, որ Հանքաւանի մէջ, աշխարհի  չորս  կողմէ 75 հովիւներ եկան: Արդիւնաբեր համագումար մը ունեցանք, 2.5 օր տեւողութեամբ: Աւարտին, մեծ հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ 170-ամեակին նուիրուած: Մեծ գոհունակութիւն է այս իրականացնել մայր հայրենիքին մէջ, որուն երազանքով ապրած ենք երկար տարիներ»:  

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի հետ համայնքի յարաբերութիւններուն անդրադառնալով, Աւետարանական համայնքապետը մանրամասնեց, որ համայնքը ներկայիս հաղորդակցութեան մէջ է Էջմիածինի Մայր Աթոռին հետ: Վերապատուելի Թութիկեան անձամբ հրաւիրած է Կաթողիկոսը, որ ներկայ գտնուի 170-ամեակի տօնակատարութեան: «Երկխօսութեան ընթացքի մէջ ենք, քանի մը օր առաջ հանդիպում ունեցանք միաբանութեան եպիսկոպոսներուն հետ: Յոյսով ենք, որ յարաբերութիւնները հետզհետէ կը բարելաւուին, որովհետեւ մենք մեր սրտերուն մէջ միայն հայրենիքի սէրն ունինք եւ գործակցութիւն կ′ուզենք: Մենք Հայաստան եկած ենք՝ ծառայելու եւ բարգաւաճելու այս հայրենիքը, որպէսզի ան ալ իր կարգին կարողանայ իր զաւակները պահել»:

Ինչ կը վերաբերի Սփուռքի մէջ ունեցած կապերուն, վերապատուելիին խօսքերէն կարելի է եզրակացնել, թէ միւս համայնքներուն հետ բարեկամական յարաբերութիւններ կը մշակուին, «Բոլոր շրջաններուն մէջ բացայայտօրէն կը գործակցինք: Ամերիկայի մէջ օրինակ՝ թէ՛ Էջմիածինի եւ թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  հետեւորդներուն հետ, ոչ մէկ խնդիր ունեցած ենք: Տիթրոյթի մէջ, յաճախ պարոնայք Մարտիկեան ու Մանուկեան մեծապէս կը քաջալերեն մեր գործը եւ մեր եկեղեցւոյ բարերարներէն եղած են՝ միշտ լռելեայն: Այդ մէկը շատ գնահատելի է: Կապերը շատ լաւ են բոլորին հետ: Եթէ դժուարութիւններ ըլլան, մենք բոլորին համարկողն ու միացնողն ենք, ինչպիսին էր Տիթրոյթի 2 եկեղեցիներու անհաշտ պարագան, որոնք մեր միջամտութեամբ անցեալ տարի 100-ամեակը միասին յիշատակեցինք: Նոյնն է նաեւ Միջին Արեւելքի, Սիտնիի կամ ուրիշ շրջաններու պարագան: Երբ անկեղծ մարդիկ ճանչնան քեզ, ծանօթանան տարած աշխատանքիդ, իսկապէս կը գնահատեն եւ կը գործակցին հետդ»,- ըսաւ հոգեւոր հովիւը:

Միջին Արեւելքի դիամագրաւած մարտահրաւէրներու շարքին է քրիստոնէութեան դէմ առկայ    անուղղակի կամ  ուղղակի  հալածանքը: Վերապատուելի Թութիկեան, ոչ միայն իբր քրիստոնեայ, այլ իբր համայնքապետ  եւ ներկայացնելով Հայ Աւետարանական համայնքի առաջնահերթութիւնները, ըսաւ. «Մեզի համար մեծ ցաւ է Սուրիոյ մէջ պատահածը: Քէսապի մէջ ունիմ տուն, հողատարածք եւ պտղատու այգիներ: Քէսապ, ուրկէ կու գան իմ արմատներս, դարերու պատմութիւն ունի, հազար տարուան պատմութիւն: Ինչպէս գիտէք, 4 ամիս քէսապցիները լքեցին իրենց տուները, վերադարձին քարուքանդ գտան Քէսապը: Ընդդիմադիրները՝ եկեղեցիները այրեցին: Այրեցին նաեւ  մեր գլխաւոր եկեղեցւոյ տոմարները, որ հարիւրաւոր տարիներու տոմարներ էին եւ  ամբողջ կահոյքը փճացուցին: 11 ամիսէ  ի վեր, քէսապցիները կ′աշխատին անոնց նորոգութեան գործերով: Մեր ամենամեծ առաջնահերթութիւններէն է՝ փրկել այս ժողովուրդը: Անոնք որոնք կ′ուզեն մնալ, պիտի օգնենք, որ մնան: Ոմանք չեն կրնար դուրս գալ: Ոմանք ալ որոշած են ամէն գնով դուրս գալ: Հայաստան գալ ուզողները միշտ կը քաջալերենք: Մարդիկ կան, որոնք չեն ուզէր Հայաստան գալ, անոնցմէ ոմանք Գանատա են: Անցեալ տարի 800 ընտանիք Գանատա հաստատուած  Է: Բոլորին օգնութիւն կը ցուցաբերենք մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ»:

Մեր զրուցակիցը մտահոգութիւն յայտնելով Միջին Արեւելքի մէջ գտնուող հայութեան իրավիճակին շուրջ, նշեց, որ Լիբանան նոյնպէս, տարիներ առաջ, քաղաքացիական պատերազմ ապրեցաւ, շատեր լքեցին երկիրը: «Չենք գիտէր ապագան ինչ պահած է, բայց գոնէ հիմա մեր հաստատութիւնները հոն են՝ կաթողիկոսութիւնը, եկեղեցիները, դպրոցները, Հայկազեան համալսարանը, մեր Քչակը, մեր փարոսները հոն են»,- նշեց ան, շեշտելով նաեւ, որ Հայրենիքն է ամէնէն կարեւոր կռուանը, եւ Վերապատուելիին խօսքով  «Հայրենիքէն դուրս  մեր գոյութիւնը վտանգուած է, որովհետեւ համակարգեր կու գան ու կ′անցնին, սակայն հայրենիքը կը մնայ»:

Զրոյցի ընթացքին վերապատուելի Թութիկեան յիշեց, թէ ինչպէս 1985-ին, Հայաստան իր առաջին այցի օրերուն մատղաշ զբօսավարուհիի մը Ս. Վրացեանի հասցէին ուղղուած արտայայտութիւն մը ըրած է. «Ամերիկահայերու խումբ մըն էր, որոնցմէ մէկը հարցուց, 1918-ի վերջին վարչապետին՝ Ս. Վրացեանի մասին, զբօսավարը պատասխանեց, թէ ան դաւաճան մըն էր: Իմ կարգիս, իրեն հարցուցի արդեօք Վրացեան կարդացա՞ծ է, կամ աշխատանքներուն ծանօթ է, ան ժխտական պատասխան տուաւ: Այն ատեն անձնական վկայութիւնս տալով յայտնեցի, թէ ինչպէս Վրացեան, Պէյրութի մէջ, երիտասարդ մը կը յորդորէր Ամերիկայի փոխարէն Երեւան գալ՝ երկրաչափական ուսում ստանալու համար: Երիտասարդը զարմացած, թէ ինչպէս Դաշնակցական ղեկավար մը այդպէս կ′ըսէ: Վրացեան պատասխանեց, թէ Վրացեաններ կու գան ու կ′երթան, համակարգեր կու գան ու կ′երթան, բայց հայրենիքը կը մնայ»:

Աւետարանական համայնքի առաջնահերթութիւններու կարգին է հայրենիքը: Այստեղ, ըստ վերապատուելի Թութիկեանի, համայնքն ամէն գնով կ′աշխատի զօրացնելու իր ներկայութիւնը, օգնելու հայութեան: «Վերջին հաշուով, այս կտոր մը հողն է մեր ապագան:  հողը մեր ոտքին տակէն կը սահի Սփիւռքի մէջ, յատկապէս՝ Ամերիկայի կամ Հարաւային Ամերիկայի մէջ: Եթէ մեր գոյութիւնը պահած ենք, պատճառն այն է, որ միշտ Ամերիկա գաղթողներ եղած են, ամէն առիթի նոր արիւն, նոր աւիւն մը կայ: Սփիւռքը՝ ունայնութիւն է: Վերջ ի վերջոյ, պիտի կորսնցնենք մեր էութիւնը, պիտի աշխատինք մինչեւ այն ատեն, որ կարող ենք»:

Վերապատուելին, հայութեան գոյատեւման պայքարի հիմնական խոչընդոտներէն մէկը կը նկատէ խառն ամուսնութիւնները, այդ երեւոյթն «ահաւոր» որակելով, մասնաւորաբար, երբ հայ տղաք կ′ամուսնանան օտար աղջիկներու հետ ու կը կորսուին: Հայ աղջիկը, յաճախ իր ամուսինը կը բերէ դէպի հայութիւն: «Ասոր կենդանի օրինակին ականատես եղած եմ: Միշիկընի ամենամեծ համալսարաններէն մէկուն տնօրէնը, գերմանական ծագումով ամերիկացի մը, տոքթ. Ռիչըրտ Մարպըրկր, ամուսնացած էր շատ համեստ հայուհիի մը հետ, որ  տարի  մե առաջ մահացաւ: 63 տարիէ ի վեր, այս մարդը մեր եկեղեցին կու գայ, իր զաւակաները մեր եկեղեցւոյ անդամներ են, եւ ամէն ձեւով առաջնորդութիւն կը հայթայթէ եկեղեցիին: Այդ կինը, ինչ ուժ ունէր, որ իր ամուսինն ու զաւակները բերաւ եւ հայ ժողովուրդը շահեցաւ»: Վերապատուելին միաժամանակ ընդգծեց, որ այս  պարագաները  բացառութիւններ   կը  կազմեն: «Մահամերձը, որքան ալ տկար ըլլայ կամ անյոյս՝ կը պայքարինք փրկելու զինք: Ուրախ եմ, որ կարգ մը գաղութներ այս առումով աւելի բարւօք վիճակի մէջ են, ինչպէս՝ Լիբանանի գաղութը»:

Հայաստան գտնուելու առիթէն օգտուելով, Վերապատուելի Թութիկեան հովուական այցով ուղղուեցաւ Վրաստան, ուր այցելեց Թիֆլիսն ու Ախալքալաքը: Այս մասին, ան պատմեց, որ տարիներէ ի վեր կարդացած է Թիֆլիսի մասին ու միշտ փափաք ունեցած է այցելելու, բայց ամէն Հայաստան ժամանելուն գործերով կը զբաղէր ու առիթ չէր ունենար: Վերջինս հպարտութեամբ  նշեց, որ առաջին հանրապետութիւնը, որ ծագում առաւ Թիֆլիսի մէջ էր: «Թիֆլիս, որպէս քաղաք, շատ տպաւորեց զիս: Հայկական շրջանակներ շատ չտեսայ, որովհետեւ մեր այցը միայն 2 օրուան համար էր: Մենք, հոն, բաւական լաւ պատրատուած հովիւ մը ունինք, բայց եկեղեցւոյ տարածքը փոքր է: Երանի կարողանանք աւելի լաւ պայմաններ հայթայթել ու բարերարներու աջակցութեամբ վերականգնել Թիֆլիսի համայնքը»,- յոյս յայտնեց հովուապետը, շարունակելով, որ Թիֆլիսէն ետք այցելած է նաեւ Ախալքալաք, սակայն դժբախտաբար այնտեղ գտնուող կարգ մը պատասխանատուներու հետ չէ կրցած հանդիպիլ, ժամանակի անբաւարարութեան պատճառով: Ան պատմեց, որ ճանապարհները շատ վատ էին,  եւ երբեմն կը ստիպուէին ոտքով կտրել այն: «Շատ գեղեցիկ ու բարերբեր վայր է: Կը յուսամ, որ շուտով կը վերամիանայ մեր հայրենիքին: Այնտեղի ժողովուրդը հերոսական պայքար կը մղէ իբր հայ գոյատեւելու համար: Առաջին Հանրապետութեան շրջանին ունեցած ենք շատ զօրաւոր համայնք, բայց համայնավարութեան օրերուն, մէկ մասը հեռացած է, սակայն մնացողներ ալ կան: Ախալքալաքի մէջ ալ պզտիկ եկեղեցի մը ունինք: Շատ լաւ էին իմ տպաւորութիւններս, պիտի աշխատինք հոն ալ զօրացնել»:

Չմոռնալով Պոլիսը, վերազարթօնք ապրող համայնքն ու անոր քաջասիրտ հովիւ  Վերապատուելի  Գրիգոր  Ալապալօղլուն, համայնքապետը «Արեւելք»ին հետ իր ունեցած զրոյցի ընթացքին դիտել տուաւ, որ երբ քէմփ Արմէնի խնդիրը եղաւ, համայնքը խիզախօրէն գրեց Էրտողանին, Արտաքին Գործոց նախարարին եւ Ամերիկայի դեսպանին, որ այդ հողը համայնքին կը պատկանի, ու իր ժողովուրդին արդար իրաւունքն է: «Ուրախ եմ, որ տեղւոյն ժողովուրդն անխտիր, Առաքելական թէ Աւետարանական ոտքի ելան ու ըսին, որ այդ քէմփը մերն է: Ի վերջոյ քէմփը ետ առած ենք եւ այնտեղի համայնքին սեփականութիւնը պիտի դառնայ: Այդ հողը շատ մեծ նշանակութիւն կը ներկայացնէ, որովհետեւ Հայ Աւետարանական եկեղեցին հոն ծնունդ առաւ»: Թութիկեան ցաւով նշեց, որ դժբախտաբար, հոն ալ ճնշումներ կան, որուն հետեւանքով շատեր կը հեռանան: «Մենք, թերեւս աւելի մեծ թիւով հայրենակիցներ ունինք Տիթրոյթի մէջ, քան՝ Պոլսոյ: Սիամանթոյի շառաւիղը տակաւին հոն է: Մեզի համար շատ սիրելի է Պոլիսը, բայց բոլորս լաւ գիտենք անոր սահմանափակ կարելիութիւնները: Կը յուսանք գոնէ այս քէմփի  հողատարածքին   վերադարձով եւ քաջ հովիւի առաջնորդութեամբ արդիւնքի մը հասնիլ»:

Հայաստան կատարած այցի աւարտին հասնելով, վերապատուելի Թութիկեան շեշտեց, թէ «Ամէն անգամ, երբ Հայաստան կու գամ ինծի համար իսկական ապրում է: Այստեղ է մեր հայրենիքը, 3000-4000 տարիներու պատմութիւն է: Իւրաքանչիւր քար, իւրաքանչիւր վայր մեզի համար սիրելի է, պատմութիւններով լեցուն: Անշուշտ մեր սրտերը ուրախութեամբ կը լեցուին, բայց գիտենք նաեւ, որ դժուարութիւններ կան եւ չենք վարանիր յայտնելու զանոնք: Այս երկիրը մենք դրախտի կրնանք վերածել, եթէ սփիւռքահայ բոլոր մեծահարուստներուն ուժերը  դէպի հոս կեդրոնանան»: Թութիկեան համոզուած է, որ նախկին Խորհրդային Միութեան ոչ մէկ հանրապետութիւն  Հայաստանի չափ    ուժեղ Սփիւռք ունի   եւ այնքան օգնութիւն կը ստանայ, որքան մեր երկիրը: Սակայն հայրենի իշխանութիւններն ալ պէտք է քաջալերեն Սփիւռքը: Բազմաթիւ միլիոնատէրներ պիտի գան այստեղ, գործ  պիտի ստեղծեն, որովհետեւ այստեղ է մեր փրկութիւնը:  

«Մեր գոյութեան վերջին գրաւականն ու խարիսխը հայրենիքն է:  Ճիշդ է, կատարեալ չէ բայց մենք ամէն ջանք պէտք է թափենք, որ այս կտոր մը հողը պահենք, զարգացնենք եւ մեր ապագան հոս կերտենք», իր խօսքը եզրափակեց «Արեւելք»ի զրուցակից, Աւետարանական համայնքի հովուապետ վերապատուելի Վահան Թութիկեան: