image

Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչում Հալէպի «Փէթէլ» եկեղեցւոյ մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան    ոգեկոչում Հալէպի «Փէթէլ» եկեղեցւոյ մէջ

Հալէպի Հայ Աւետարանական  «Փէթէլ» եկեղեցւոյ մէջ  այսօր յետմիջօրէին   Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ  տարելիցին առթիւ տեղի ունեցաւ կրօնական յատուկ արարողութիւն: Այս  մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Արարողութեան ներկայ եղած են Հալէպի մէջ ՀՀ հիւպատոսը, Բերիոյ թեմի առաջնորդ  Տ.      Շահան արք.    Սարգիսեան,    Հայ Կաթողիկէ  Առաջնորդ  Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան եւ  Սուրիոյ Հայ  Աւետարանական Եկեղեցւոյ նախագահ  Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան:  Կրօնական  դասու  առաջնորդներուն   կողքին  ոգեկոչման արարողութեան նոյնպէս ներկայ եղած  է  Հալէպի ՀՀ Հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան, ինչպէս նաեւ     համայնքի  քաղաքական, կրթական  եւ մշակութային ոլորտի  պատասխանատուներ: Մեր աղբիւրին փոխանցմամբ    արարողութեան    իրենց պատգամը փոխանցած են   Հալէպի երեք համայնքապետերը: 

 Հոգեւոր առաջնորդներուն դիմաւորած է  Հալէպի Հ.Մ.Մ.ի փողերախումբը: