image

Տիարպէքիրի Մէջ Կացութիւնը Կրնայ Աւելիով Վատթարանալ. Աղբիւր

Տիարպէքիրի Մէջ Կացութիւնը  Կրնայ Աւելիով Վատթարանալ. Աղբիւր

Թուրքիա-   Տիարպէքիրի մէջ    Հայ  կաթողիկէ համայնքի անդամներ  չկան: Այս մասին  տեղեկութիւնը ստացանք   Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանի մօտիկ կանգնած մեր աղբիւրէն:  «Արեւելք»ի աղբիւրը նաեւ նշեց, որ երէկ     Սուրի մէջ  հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ դէմ գրանցուած  յարձակումին  մասին      հակասական տեղեկութիւններ կան  եւ այս  թեմայով   Պոլսոյ Հայ  կաթողիկէ առաջնորդ Տ. Լեւոն Արք.    Զէքիեան   այսօր յետմիջօրէին կարեւոր հանդիպում պիտի ունենայ թուրք  պատասխանատուներուն  հետ:       Հայ կաթողիկէ   առաջնորդարանին մօտիկ մեր աղբիւրը նաեւ խոր մտահոգութիւն յայտնած է Տիարպէքիրի   մէջ տիրող իրավիճակին առընթեր նկատել տալով, որ    կացութիւնը կրնայ աւելիով վատթարանալ:   «Արեւելք»ի աղբիւրը   նաեւ կը նշէ, որ  Տիարպէքիրի մէջ    հայ կաթողիկէ համայնքի անդամներ չկան ու      Լեւոն Սրբազանի   մատուցած վերջին պատարագին ներկայ եղած են շուրջ       150   քիւրտեր  (մեծամասնութեամբ տարեցներ), որոնք  կը կարծուի, որ հայ նախահայրեր ունեցած ըլլան:  Պոլսոյ մեր աղբիւրը անդրադառնալով «Միջագետքի    հայերու միութեան»  անունով հանդէս եկողներուն մասին  յայտնած է, (որոնք    դէպքին առնչութեամբ դատական հայց պիտի ներկայացնեն – Խմբ.՝ «Արեւելք»)  թէ անոնց  ինքնութիւնը   եւս   տակաւին    յստակ չէ,  որովհետեւ    յատկապէս այս օրերուն քիչ չեն  անոնք, որոնք     որպէս հայ կը ներկայանան:     Նշենք,   որ        անցնող    ժամերուն  տարբեր աղբիւրներէ  առնելով իրենց տեղեկութիւնները  հայկական  կայքեր   տեղեկութիւն հրապարակեցին   Տիարպէքիրի Սուր   աւանին  մէջ  գտնուող  հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ  դէմ  գրանցուած    յարձակումին մասին:   Ըստ  հաղորդուած լուրերուն  անծանօթներ կրակ բացած ու թալանած եկեղեցին:    Գրոհին հետեւանքով  եկեղեցին ունի   300.000   թրքական լիրայի հասնող  վնասներ:(Լուսանկարը  ՝ Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Լեւոն  Եկեղեցի):