image

Հալէպը կը պատրաստուի Ծաղկազարդի. Հալէպահայ կիներ մաքրութեան աշխատանքներ կատարած են Նոր Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիին մէջ (Լուսանկարներ)

Հալէպը կը պատրաստուի Ծաղկազարդի. Հալէպահայ կիներ մաքրութեան աշխատանքներ կատարած են Նոր Գիւղի  Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիին մէջ (Լուսանկարներ)

Երէկ խումբ մը հալէպահայ կիներ, Նոր Գիւղ շրջանի հայահոծ թաղին մէջ գտնուող Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին մաքրած են, վերակենդանացնելով Ծաղկազարդի նախօրեակին եկեղեցին մաքրելու աւանդութիւնը: Այս մասին կը տեղեկանանք Եկեղեցւոյ դիմատետրի էջէն:

Նշենք, որ Նոր գիւղ թաղամասի մէջ գտնուող Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որ երկար ժամանակ թիրախ դարձած էր «չափաւոր» նկատուած ընդդիմութեան կողմէ, փրկուած էր ահաբեկչական մեծ յարձակումէ մը:

Եկեղեցւոյ գործունէութիւնը մինչեւ այսօր կը շարունակուի: