Վաղը` 27 Մարտին ՀՀ Վարչապետ Կարէն Կարապետեան պիտի ընդունի Հայաստան հաստատուած սուրիահայերը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ վարչապետարանաէն մօտիկ կանգնող աղբիւրէ մը: Մեր աղբիւրին փոխանցամբ հանդիպումը բաց պիտի ըլլայ, ոչ միայն սուրիահայերուն այլ նաեւ միջինարեւելեան այլ երկիրներէն Հայաստան հաստատուած սփիւռքահայերու համար: Հանդիպումը պիտի կայացուի Երեւանի Մէլիք Ադամեան փողոցին վրայ գտնուող վարչապետարանէն ներս, յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին: