image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիացի փախստականները կը վերադառնան տուն՝ Հայաստան. «Foreign Policy»

Սուրիացի փախստականները կը վերադառնան տուն՝ Հայաստան. «Foreign Policy»

ինչպէս տեղեկացուցած էինք, Հայաստանի մէջ գործող «4 Plus» լուսանկարչական արուեստանոցը նախագիծ մը ներկայացուցած էր՝ «Նորեկները. Սիրիահայերը Հայաստանում» խորագրով, ուր լուսանկարիչ Անուշ Պապաճանեան լուսանկարներու միջոցաւ ներկայացուցած է սուրիական հակամարտութեան հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու պատմութիւններ:  

Նախագիծին անդրադարձած է «Foreign Policy» պարբերականը՝ «Սուրիացի փախստականները կը վերադառնան տուն՝ Հայաստան» խորագրով:

 

 

Պարբերականաը կը գրէ.-

Դար մը առաջ, անոնք փախուստ տուած էին փլուզուած Օսմանեան կայսրութեան կազմակերպած ցեղասպանութենէն: 

Այսօր ազգութեամբ հայ սուրիացիները, կը փորձեն նոր տուն կառուցել իրենց հին երկրին մէջ:

Սուրիահայ 56-ամեայ Խաչիկ Մանուէլ, իրեն Սուրիան յիշեցնող միայն մէկ բան բերած է իր հետ՝  ոսկէ շրջանակի մէջ զետեղուած երջանիկ օրերէն մնացած լուսանկար մը: Այդ նկարը առնուած էր 1993-ին, իր նշանտուքի խնճոյքին օրը, որ հիմա կախուած է Երեւանի իր տան նստասենեակի պատէն:

 



Շատ մը սուրիացի փախստականներ Հայաստան հասած են իրենց հետ բերելով քանի մը հագուստէն քիչ մը աւելին:  Դար մը առաջ, հայերը  Սուրիա հասած էին, փախուստ տալով փլուզուող Օսմանեան կայսրութեան ցեղասպանութենէն: Հիմա, անոնք  ստիպուած են հեռանալ այլ երկփեղկուած երկրէ մը եւս:


Աւելի քան 20.000 սուրիացիներ, որոնցմէ շատերը հայեր, 2011-ին սկիզբ առած սուրիական պատերազմի սկիզբէն ի վեր, ապաստան  գտած են Հայաստան: Թէեւ անոնք այս տարածքին հետ հարազատ կապ ունին՝ իրենց ազգային պատկանելիութեամբ եւ լեզուով, սակայն Հայաստանը անոնց կու տայ սահմանափակ տնտեսական հնարաւորութիւններ:

 



«Օրուայ աւարտին, անոնք սովորական մարդիկ են, որոնք կ'ուզեն ապրիլ եւ աշխատիլ», - ըսած է Անուշ Պապաճանեան, որ սեպտեմբեր 2016-էն յունուար 2017 զբաղուած էր սուրիահայ  ընտանիքներ լուսանկարելով:

 

Մինչ անոնք կը պայքարին վերակառուցելու իրենց կեանքը, տեւական կը մնայ այն հարցը, թէ արդեօք անոնք պիտի կարենան իրենց տունը կերտել երկրի մը մէջ, որ կը գրկէ զիրենք, սակայն չի կրնար ապահովել:

 



Նշենք, որ Անուշ Պապաճանեան լրագրող եւ լուսանկարիչ է, ինչպէս նաեւ «4 Plus» վավերագրական լուսանկարչութեան կեդրոնի համահիմնադիրներէն մէկը: Ցուցահանդէսը համադրած է Աննա Քամայը: 

 

Պատրաստեց՝  «Արեւելք»