image
Հրատապ լուրեր:

Չորս հալէպահայեր եւս այսօր ժամանեցին Երեւան

Չորս հալէպահայեր եւս այսօր ժամանեցին Երեւան

Այսօր Հալէպէն Երեւան ժամանեց եւս մէկ սուրիահայ ընտանիք:

Չորս անդամներէ բաղկացած Ղազարեաններու ընտանիքը Հալեպէն Հայաստան տեղափոխուեցաւ IDeA հիմնադրամի ֆինանսական օժանդակութեան շնորհիւ:

 Զուարթնոց օդակայանին մէջ անոնց դիմաւորած են «ՀԱԼԷՊ» ՀԲՀԿ-ի ներկայացուցիչները։ 

Նշենք, որ IDeA հիմնադրամը Հայաստան տեղափոխուիլ ցանկացող սուրիահայերուն իր աջակցութիւնը կ'իրականացնէ «ՀԱԼԷՊ» ՀԲՀԿ-ի «Փրկէ կեանք մը» ծրագրին միջոցաւ: