image

Լիբանան. Անծանօթներ քանդած են Սուրբ Շարպէլի արձանը (Լուսանկար)

Լիբանան. Անծանօթներ   քանդած  են Սուրբ  Շարպէլի  արձանը (Լուսանկար)

 Լիբանանի մէջ անծանօթներ քանդած են Սուրբ Շարպէլի արձանը: Դէպքը տեղի ունեցած է  Տէյր  Ալ  Ահմար  շրջանի  «Պըթըտհի»   աւանի մուտքին:

 Շրջանի բնակիչները դէպքէն ետք բողոքի հաւաք մը կազմակերպելով անիւներ հրկիզելով փակած են շրջանի հիմնական ճանապարհները:

 Ըստ կայանին շրջանին մէջ կը գտնուի սուրիացի փախստականներու գաղթակայան մը եւ շրջանի բնակիչներուն եւ փախստակններուն միջեւ լարուած յարաբերութիւններ կը տիրեն, սուրիացին գաղթականներուն կողմէ առեւտուրի խանութներ բանալու հետեւանքով:  

Նշենք, որ Մարոնիթ, ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ եկեղեցիներուն  համար աւանդոյթ է եկեղեցւոյ Սուրբերուն արձանները տեղադրել յատկապէս՝ քրիստոնեայ բնակչութիւն ունեցող գաւառներու եւ գիւղերու մէջ: