image
Հրատապ լուրեր:

9 Հալէպահայեր այսօր Երեւան ժամանած են

9 Հալէպահայեր այսօր Երեւան ժամանած են

Այսօր «ՀԱԼԷՊ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան «Փրկէ կեանք մը» ծրագրով Հալէպէն Հայաստան տեղափոխուած են 9 հալէպահայեր: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Հալէպ» ՀԿ-ի տնօրէնութենէն: «Զուարթնոց» օդակայանի մէջ 5 հալէպահայ ընտանիքներուն (9 անձ) դիմաւորած են «Հալէպ» կազմակերպութեան գրասենեակի ներկայացուցիչ պատասխանատուները:

Նշենք, որ նոյն կազմակերպութեան աջակցութեամբ յառաջիկայ օրերուն եւս Երեւան պիտի հասնին այլ հալէպահայեր: