image

Թուրքիան պիտի «այրի». թուրք յօդուածագիր

Թուրքիան պիտի «այրի». թուրք յօդուածագիր

Թրքական Sendika.org կայքին վրայ տեղ գտած սիւնակագիր Ուաժիհ Ճիւզտանի մէկ յօդուածը ուշագրաւ մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Հալէպի ազատագրման եւ անոր շուրջ Թուրքիոյ մէջ առաջացած «խելագարութեան» մասին: Ըստ սիւնակագրին՝ Հալէպի յաղթանակը ամբողջովին խաթարած է Էրտողանի՝ տարածաշրջանային մութ ծրագրերն ու մեծ վտանգի առաջ կագնեցուցած է Թուրքիոյ անվտանգութիւնը:

Նշենք, որ Հալէպի ազատագրումէն ի վեր համացանցը ողողուած է քաղաքի բնակիչներու ուրախութեամբ ու 5 տարուան արիւնալի կռիւէն յետոյ Հալէպի խաղաղութեան հաստատումը փաստող տեսանիւթերով, անդին թրքական ԶԼՄ-ներն ու բարձրաստիճան պաշտօնեաները անդադար հանդէս կու գան Հալէպը «փրկելու» կոչերով եւ ոչ մէկ ձեւով չեն հաշտուիր Ասատի բանակի տարած յաղթանակին հետ:
Ճիւզտանիի յօդուածը որոշակի կրճատումներով կը ներկայացնենք ստորեւ:

«Ի վերջոյ տեղի ունեցաւ սպասուածը՝ սուրիական բանակը, 2016-ի դեկտեմբերին, կարողացաւ վերահսկողութիւն սահմանել ամբողջ Հալէպի վրայ, որ ճիհատականներու ձեռքը կը գտնուէր 2012-էն ի վեր:
Սուրիոյ երկրորդ ամենամեծ քաղաքի ազատագրումը կը նշանակէ ամբողջ սուրիացի ժողովուրդի փրկութիւնը՝ աշխարհի չորս կողմը սփռուած հալէպցիներու գլխաւորութեամբ, եւ կը խորհրդանշէ ճիհատականներուն պարտութիւնը:

Ամբողջ այս ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանն ու իր «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը, շահարկելով Հալէպի մէջ, ամենաքիչը 1 միլիոն խաղաղ բնակիչի գոյութիւնը ու ամէն պահի անոնց՝ որպէս պատերազմի փախստականներ Թուրքիոյ սահմանի մօտ կուտակումներ գոյացնելու վտանգը, կրցած էր գաղթի ճգնաժամի հարցով յաղթաթուղթը իր ձեռքին պահել:

Իրենց հերթին՝ Արեւմուտքի ԶԼՄ-ները, շահարկելով այս խնդիրը, պարբերաբար ճնշում կը գործադրէին Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ հանդէպ ու այդպիսով կը նպաստէին ռազմական գործողութիւններու նուազեցման կամ ժամանակաւորապէս դադրեցման: Այդ ալ իր հերթին առիթ էր, որպէսզի ճիհատականները իրենց ուժերը կեդրոնացնելու համար անընդհատ ժամանակ շահէին: Սակայն Սուրիոյ բանակի եւ իր դաշնակիցներու կողմէն նոյեմբեր 19-էն աշխուժ կերպով սկսած ռազմական գործողութեան ընթացքին Հալէպի արեւելքը քայլ առ քայլ կը մաքրուէր գրոհայիններէն, զուգահեռ խաղաղ բնակիչներու համար քաղաքէն դուրս գալու անվտանգ միջանցնքներ կը ստեղծուէին:
Ռուսիոյ թոյլատուութեամբ Սուրիոյ հիւսիսը «Եփրատի վահան» ռազմական գործողութեան մեկնարկը տուած Թուրքիոյ իշխանութիւնները Սուրիոյ մէջ կրցան առաջ շարժիլ միայն Փութինի գծած քարտէզով, իսկ թէ ի՞նչ կու գայ անոնց գլխուն այդ սահմաններէն դուրս գալու պարագային՝ լաւ գիտեն:
Հաէպէն գրոհայիններու մաքրումը ալ աւելի խորացուց «Ալ-Նուսրա» ճակատի խմբաւորման եւ Թուրքիոյ կողմէ ղեկաւարուող «Եփրատի Վահան» գործողութեան մասնակցող ճիհատականներու միջեւ եղած տարածքային անդունդը:

Մինչդեռ Թուրքիոյ համար իրական վտանգը Հաթայ-Քիլիս-Այնթէպ երթուղիի վրայ երկարող ահաբեկչական գիծը պիտի ըլլայ: Սուրիոյ իշխանութիւններու ծրագիրը քիչ թէ շատ պարզ է արդէն: Տակաւին ամիսներ առաջ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատ ըսած էր. «Ստիպուած էք այս տարածաշրջանը մաքուր պահել եւ կամ ճիհատականներուն ետ հրել այնտեղ, ուրկէ եկած են, այսինքն՝ Թուրքիա, կամ ալ սպաննել զանոնք: Այլ ընտրութիւն չկայ»:
Եթէ այդպէս ըլլայ՝ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն առջեւ երկու ընտրութիւն պիտի մնայ: Կամ անոնց իր երկիրը պիտի ընդունի, կամ սպասեցնէ սահմանին: Այս ճանապարհին ստիպուած պիտի ըլլայ երթալ բանակցութիւններու Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ հետ:
Իսկ եթէ Թուրքիա որոշէ այս խմբաւորումներուն իր սահմաններէն ներս թողել՝ Թուրքիա պիտի կանգնի մեծ վտանգի առջեւ: Կարճ ժամկէտներու մէջ այդ կրնայ պատճառ դառնալ Թուրքիոյ տարածքին այս խմբաւորումներու միջեւ բախումներու, իսկ աւելի լայն ժամանակահատուածի մէջ այդ կրնայ ըլլալ Թուրքիոյ՝ «Ալ-Նուսրա» ճակատի կողմէ թիրախաւորուելու կամ Թուրքիոյ Լիբանանի օրինակով քաղաքացիական պատերազմի սկզբի պատճառ»: